Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անսխալ Գրենք – 2015» Մրցումին Մասնակցած 38 Մրցանակակիրներ Պարգեւատրուեցան

December 31, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

bz-1_123015

Երէկ` չորեքշաբթի, 30 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը հաւաքուած էին «Ազդակ»-ի «Պզտիկ Մզտիկ մանկապատանեկան յաւելուածի «Անսխալ գրենք» մրցումին մրցանակակիր աշակերտները` իրենց ծնողներուն հետ:

bz-2_123015

Բարի գալուստի խօսքով «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի խմբագրակազմի անդամ Սրբուկ Ճենանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ ի մասնաւորի հայոց լեզուի դասատուներուն, որոնց ջանքերով ու քաջալերանքով ոչ միայն նմանօրինակ ձեռնարկներ յաջողութիւն կ՛արձանագրեն, այլեւ կը սատարեն նորահաս սերունդին մօտ ստեղծելու սէր մայրենիին նկատմամբ եւ մղում տալու զայն անսխալ ձեւով ներկայացնելու: Ճենանեան նաեւ նշեց, որ մասնակցող 17 վարժարաններէն 14 վարժարան ապահոված է մրցանակ, ինչ որ հպարտալի երեւոյթ է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին, որ ամէն տարի կը հովանաւորէ ու նիւթական պարգեւները կը տրամադրէ մրցանակակիրներուն:

Սրբուկ Ճենանեան
Սրբուկ Ճենանեան
Շահան Գանտահարեան
Շահան Գանտահարեան

Ապա հրաւիրուեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան նախ եւ առաջ գնահատեց աշակերտները, որոնք լաւ ու յաճախ անսխալ ձեւով գրած են մայրենին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ արեւմտահայերէնը, որուն մասին կ՛ըսեն, թէ նահանջի մէջ է, փաստօրէն այդպէս չէ, որովհետեւ անսխալ ներկայացնելու ճիգը, որ կը տեսնուի աշակերտներուն մօտ, ինչպէս նաեւ բծախնդրութիւնը ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կ՛ուղարկեն հայկական վարժարաններ, որոնք առիթը կ՛ընծայեն հայ մանուկներուն մասնակցելու նմանօրինակ մրցումներուն, ցոյց կու տան, որ տակաւին ամէն բան չէ կորսուած: Ան նշեց, թէ «Պզտիկ-Մզտիկ» միշտ կանխող եղած է. ինչպէս անցեալ տարուան «Անսխալ գրենք» մրցումին ներկայացուցած են հատուածներ 100-ամեակին նուիրուած, այս տարի արդէն սկսած են նշել Հայաստանի ու Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն անկախութեան 25-ամեակը: Հակառակ անոր որ հայ-ազրպէյճանական սահմանային գօտիին վրայ յաճախ բախումներ տեղի կ՛ունենան վերջերս, սակայն անոնք արգելք չեն կրնար հանդիսանալ մեր հայրենիքի անկախ երթին:

Շահան Գանտահարեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին, որ գիտակցելով այս տեսակի մրցումներուն դրական ազդեցութեան` մայրենի լեզուին գոյատեւման վրայ, նեցուկ կը կանգնի անոր, եւ քաջալերելու համար հայ աշակերտը լաւապէս իւրացնելու մայրենին, կը հովանաւորէ ձեռնարկն ու նիւթապէս կը պարգեւատրէ փոքրիկները: Վերջապէս ան շնորհակալական խօսք ուղղեց հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք կը գործակցին եւ կը քաջալերեն «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի ձեռնարկները: Գանտահարեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն եւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին ու Սուրբ Ծնունդը` յառաջիկայ տարի դարձեալ հանդիպելու յոյսով:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան:

BZMZ15-(21)

BZMZ15-(19)

 

 

 

 

 

 

BZMZ15-(25)

BZMZ15-(24)

 

 

 

 

 

 

BZMZ15-(29)

BZMZ15-(27)

 

 

 

 

 

 

BZMZ15-(33)

BZMZ15-(31)

 

 

 

 

 

 

BZMZ15-(37)-(2)

BZMZ15-(35)

 

 

 

 

 

 

BZMZ15-(41)

BZMZ15-(39)

 

 

 

 

 

 

BZMZ15-(45)

BZMZ15-(43)

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

ՄԱԿ. «Տարեսկիզբէն Ծովու Ճամբով Եւրոպա Հասած Են Մէկ Միլիոն Գաղթականներ, Որոնց Աւելի Քան 500 Հազարը Սուրիացիներ Են»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.