Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Յունուար 8, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

nshan-2_010616

Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

nshan-3_010616nshan-1_010616Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով վերաքաղի կ՛ենթարկենք 21 դարեր առաջ Բեթղեհէմի մէջ տեղի ունեցած եզակի ու պատմական այն դէպքը, որ դարերէ ի վեր համայն մարդկութեան նորոգուելու, վերակենդանանալու եւ վերականգնելու առիթ կ՛ընծայէ: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց Քրիստոսի ծննդեան եղելութեան վրայ եւ շեշտեց, որ այդ վկայութիւնները մեզի համար փոխաբերական իմաստ եւ արժէք ունին` մեր կեանքին նոր մղում եւ նոր սկզբնաւորութիւն տալու: Առաջնորդ սրբազանը հարց տուաւ, որ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ Աստուծոյ համար վերապահած տեղ ունի՞նք, թէ՞ ան աշխարհին մէջ կրկին անգամ յայտնուելով տեղ պիտի չգտնէ մեր խճողեալ, այլափոխուած կեանքի երեւոյթին մէջ: «Մերօրեայ կեանքին մէջ անհրաժեշտ քրիստոնէական յատուկ ճիգ, որպէսզի մենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ զգանք եւ ապրինք Աստուծոյ ներկայութիւնը», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պէտք է մեր մէջ զգաստացնենք եւ արթնցնենք մեր հոգին ու գիտակցութիւնը եւ վերստին տիրանանք աստուածային այն շնորհներուն, զորս կեանքի փորձառութեամբ կորսնցուցինք ու կը շարունակենք կորսնցնել: Ան մաղթեց, որ Աստուած մեր կեանքը նորոգէ եւ մեզ մղէ դէպի նոր իրագործումներ ու կեանքի այնպիսի պայմաններ, որոնք աստուածահաճոյ են եւ համաձայն են Աստուծոյ կամքին. նաեւ մեր եւ մեր հաւաքականութեան ազգային գիտակցութիւն եւ հաւատք տայ: «Կ՛աղօթենք, որ Աստուած նոր զգաստութիւն պարգեւէ մեր ժողովուրդին, որպէսզի անիկա դարձեալ փարի ազգային տոհմիկ եւ հոգեւոր այն արժէքներուն, որոնք մեզ դարեր շարունակ պահեցին գիտակից վիճակի մէջ ու պատուանդանի վրայ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ, որ կեանքի այս պայմաններուն մէջ բոլորս ալ կարիքը ունինք Աստուծոյ աջակցութեան եւ առաջնորդութեան, եւ մեր գաղութին մէջ գործող բոլոր մարմինները կրնան  գտնել նոր գիտակցութիւն եւ ոգեւորութիւն` ի խնդիր հաւաքական մեր կեանքի վերելքին ու պայծառութեան:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք:

Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ ընդունեց Քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, պատարագի աւարտէն մինչեւ ժամը 1:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-6:00:

 

 

Նախորդը

«Հարաւային Ամերիկայի Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ալիք Մը Սկսած Է» Կ՛ըսէ Մարիօ Նալպանտեան

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?