Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կազմակերպութեամբ. Ընկերային Լրատուամիջոցները Եւ Հայկական Ինքնութիւնը Նիւթով Երիտասարդական Զրոյց-Քննարկում

Յունուար 30, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hom_012916

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ յատկապէս երիտասարդ` ապագայ սերունդին հայեցի առողջ դաստիարակութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաջնահերթ առաքելութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ: Ներկայ արհեստագիտական զարգացումները եւ մանաւանդ ընկերային լրատուամիջոցները, որոնք լայն չափով կ՛օգտագործուին մեր երիտասարդ սերունդին կողմէ, ունին իրենց դրական ու ժխտական երեսները, եւ պայման է անոնց ճշգրիտ գործածութեան մասին ծրագիրներ մշակել` յատկապէս ընդհանրական հարցերու գծով:

Այս մտահոգութենէն մեկնած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Լսատեսողական բաժանմունքը հինգշաբթի, 29 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, կազմակերպած էր երիտասարդական զրոյց-քննարկում մը` «Ընկերային լրատուամիջոցները իրենց դրական ու ժխտական երեսներով եւ անոնց ազդեցութիւնը հայու ինքնութեան կազմաւորման վրայ» նիւթով: Հանդիսութեան բացումը կատարեց Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ ընդգծեց, թէ եկեղեցին հրաւիրած է երիտասարդները համայնական մտահոգութեան մը շուրջ լսելու իրենց գաղափարներն ու առաջարկները: Ան յայտնեց, որ այս զրոյց-քննարկումը պէտք է կեդրոնանայ մեր ինքնութիւնը եւ համայնական արժէքները դրսեւորելու եւ արհեստագիտական միջոցներու օգտագործումով զանոնք վառ պահելու ու ծաղկեցնելու վրայ:

Վեհափառ հայրապետին ուղեցոյց նկատուող եւ քննարկումին սահմանները յստակեցնող խօսքէն ետք, Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին քաջալերանքին եւ ներկաներուն ընդառաջումին համար: Ան հրաւիրեց Արազ Գոճայեանը եւ Շիրազ Ճէրէճեանը իրենց տեսակէտները պարզելու յոյժ այժմէական այս նիւթին շուրջ:

Ապա, շուրջ  70 ընտրուած երիտասարդ հրաւիրեալները իրենց կարծիքները սկսան արտայայտել` անդրադառնալով ընկերային լրատուամիջոցներուն բարերար ու ժխտական ազդեցութեանց: Լայնօրէն քննարկուեցաւ արեւմտահայերէնի գործածութիւնը` նկատի ունենալով, որ լեզուն մեր հայկական ինքնութեան կռուաններէն մէկն է: Շինիչ քննարկումը տեւեց շուրջ երկու ժամ. ներկաները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին այս նախաձեռնութեան համար եւ առաջարկ ներկայացուցին ապագային աւելի սահմանափակ նիւթերու վրայ կեդրոնանալ եւ խորքային քննարկումներ կատարել:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը իր ուրախութիւնը արտայայտեց կատարուած սրտբաց քննարկումին համար` ընդգծելով, որ մեր ընկերութեան մէջ արհեստագիտութիւնը ներկայ եւ անխուսափելի երեւոյթ է, որուն դէմ պայքարիլը անկարելի է` ժխտական մօտենալը ճիշդ չէ, սակայն զգուշաւոր ըլլալը պայման է: Ան եզրափակեց հետեւեալ կէտերը շեշտելով. Ա) Ընկերային լրատուամիջոցը կամ այսպէս կոչուած «ֆէյսպուքեան մշակոյթ»-ը գործիք մըն է, որուն ճիշդ կամ սխալ գործածութիւնը անհատէն կախեալ է. վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ մենք հետամուտ պէտք է ըլլանք օգտագործելու անոր դրական ու բարերար երեսները: Դաստիարակութիւնը` ընտանեկան ու դպրոցական մակարդակներու վրայ, նախապայման է ընկերային լրատուամիջոցներու առողջ գործածութեան առաջնորդելու: Բ) Գործածութեան նպատակը եւս կարեւոր հարց մըն է, որ մեզ կը կողմնորոշէ, թէ ինչո՞ւ համար եւ ի՞նչ նպատակով պէտք է օգտագործենք ընկերային լրատուամիջոցները: Դժբախտաբար, անոնք շատ դիւրաւ մեզ կրնան մղել անպատասխանատու կեցուածքներ որդեգրելու եւ ապատեղեկատուութիւն կատարելու, երեւոյթ մը, որմէ պէտք է զգուշանանք` թէ՛ անհատական եւ թէ ընկերային մակարդակներու վրայ: Գ) Իբրեւ փոքր ժողովուրդ մենք աւանդաբար հակազդելու քաղաքականութիւն մը որդեգրած ենք: Այսօր, նոյն ձեւով չենք կրնար շարունակել, ուրիշէն տարբեր ըլլալը չէ՛ որ մեր ինքնութիւնը կը բնորոշէ, այլ մեր արժէքներն են, որոնք կը կերտեն մեր հաւաքական ինքնութիւնը: Նկատի պէտք է ունենալ, որ ներկայ ընկերային լրատուամիջոցները կը փորձեն մէկ ինքնութեան շուրջ համախմբել ամբողջ ընկերութիւնը. արհեստագիտութեան պարտադրած այս նոր պայմաններուն տակ պարտինք կառչիլ մեր արժէքներուն` առանց մեկուսացնելու մենք զմեզ եւ հեռանալու ուրիշներէն:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Յաջորդը

Սուրիոյ Հոգեւոր Առաջնորդներու Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում
Գաղութային

Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում

Յուլիս 15, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?