29 յունուարին մահացած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Հրաչիկ Սիմոնեան: Պատմաբան Սիմոնեան ծնած է 9 դեկտեմբեր 1928-ին:
1952-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը: Խորհրդային Հայաստանի ժամանակաշրջանին ստանձնած է զանազան պաշտօններ` լրագրութեան, խմբագրութեան եւ պատմագրութեան մարզերուն մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք եւս ունեցած է իր նեդրումը, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայոց պատմութեան ամպիոնին մէջ: Փրոֆեսէօր Սիմոնեան հեղինակած է աւելի քան 20 մենագրութիւն եւ մօտաւորապէս 400 գիտական յօդուածներ:
2008-էն 2012 ժամանակաշրջանին փրոֆեսէօր Սիմոնեան ղեկավարած է Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի Ցեղասպանագիտութեան բաժինը: