Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` Գլխացաւերու Պատճառները» Նիւթով

January 28, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC05690

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 27 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գլխացաւերու պատճառները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մանկաբուժ տոքթ. Պերճ Տագէսեան:

Առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը կատարեց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, թէ գլխացաւի պատճառները զանազան են, պարզ գլխացաւը կ՛անհետանայ քանի մը ժամէն կամ օրէն` Փարասիթամոլի օգտագործումով կամ տնային դարմանումներով: Սակայն, երբ գլխացաւին կ՛ընկերանան տարբեր մարմնական անհանգիստ  վիճակներ կամ ախտանշաններ, ինչպէս` բարձր ջերմութիւն, տեսողութեան կամ խօսելու դժուարութիւն կամ այլ նշաններ, այս պարագային անհրաժեշտ է անմիջապէս դիմել բժշկական օգնութեան:

Տոքթ. Պերճ Տագէսեան դասախօսութիւնը սկսաւ բացատրելով թէ գլխացաւը ամէնէն ընդհանրացած երեւոյթներէն մէկն է, որ մարդոց 90 առ հարիւրը իրենց կեանքին ընթացքին անպայման կ՛ունենան: Ան գլխացաւը բաժնեց երկու հիմնական տեսակներու.

1.- Առաջնային, նախնական գլխացաւ

2.- Երկրորդական գլխացաւ

Նախնական գլխացաւը ոչ այդքան վտանգաւոր, ընդհանրապէս առանց պատճառի գլխացաւերն են, իսկ երկրորդական գլխացաւերը ընդհանրապէս արդիւնք են այլ հիւանդութիւններու, որոնք յաճախ ունին ծանր հետեւանքներ:

Առաջնային կամ նախնական գլխացաւեր.

1.- Միկրեն.- Այս գլխացաւէն տառապողներուն համեմատութիւնը կը կազմէ 12 առ հարիւր: Այս գլխացաւը ընդհանրապէս կը տեւէ 4-72 ժամ: Ամէն մէկ սրտի զարկի կ՛ընկերանայ  գլխացաւի զարկը ուղեղին մէջ:

Նշեալ գլխացաւը կը պատճառէ սրտխառնուք, ինչպէս նաեւ անհատը կը խուսափի լոյսէ եւ ձայնէ, աղմուկէ, կը նախընտրէ նստիլ մութ սենեակի մէջ:

Հետեւեալ ախտանշանները կը պարզուին Միկրենի ընթացքին` սուր գլխացաւ, աչքի առջեւ կը սեւնայ, ոտքի եւ ձեռքի մատներուն ծայրամասերը կը թմրին եւ ենթական կը սկսի յօրանջել:

Գլխացաւը նուազեցնելու համար կարելի է օգտագործել «Փանատոլ»-ը, «Ասփիրին»-ը, «ՊրուՖեն», իսկ կանխարգիլելու համար` «Էնտերալ»-ը:

2.- Քլասթըր  խմբաւորում կոչուող գլխացաւը.- Այս պարագային ցաւերը կ՛ըլլան ճակատէն, աչքին վերեւ եւ գլխուն երկու կողմերը: Այտերը կը սկսին կարմրիլ, արցունքոտ աչքեր, քիթը կը հոսի, կոպերը կ՛ուռին: Այս վիճակը կրնայ տեւել 15 վայրկեանէն մինչեւ 3 ժամ:

Բուժումը թթուածինի օգնութեամբ է. երբ ենթական բաւարարաչափ թթուածին ստանայ.- վերոնշեալ բոլոր նշանները կ՛անհետանան:

3.- Թենշըն.- Պրկումի, ճնշուածութեան իբրեւ արդիւնք, գլխացաւ կրնայ յառաջանալ, գերճնշումի հետ կապ չունեցող երեւոյթ: Ենթական ճնշում կը զգայ գլխուն մէջ, երկկողմանի կրնայ ըլլալ: Ասիկա կը տեւէ ժամեր կամ օրեր: Գլխացաւը նուազեցնելու համար կարելի է օգտագործել  «Փանատոլ», «Ասփիրին» եւ այլն:

4.- Էքզոսշընըլ գլխացաւ.- Այս գլխացաւը յաճախ արդիւնքն է ծանր մարմնական, մտային, Ֆիզիքական աշխատանքի: Այս գլխացաւը կրնայ ըլլալ երկկողմանի: Կրնայ տեւել քանի մը վայրկեան կամ ժամեր` յաճախ առանց դեղի հանգիստ ընելով կարելի է բուժել:

Տոքթ. Տագէսեան ներկայացուց գլխացաւեր, որոնք հետեւանք են աւելի լուրջ ու ծանր անհանգիստ վիճակներու.

1.- Ուղեղատապ (Մենենժիթ).- Ուղեղի մաշկի բորբոքում: Ընդհանրապէս պատճառները զանազան մանրէներ կրնան ըլլալ, ինչպէս նաեւ ժահրեր: Անհատը կը տառապի բարձր ջերմութենէ, գլխացաւէ:

Հիւանդութեան զարգացման ընթացքը շատ արագ է եւ ախտաճանաչումն ու բուժումը պէտք է կատարուին 48 ժամուան ընթացքին, ուշացումի պարագային անհատը կրնայ մահանալ կամ մահաքունի մէջ մտնել:

2.- Կռիփի կամ հարբուխի իբրեւ հետեւանք ենթակային խոռոչները կրնան բորբոքիլ, եւ ասիկա կը յառաջացնէ սուր ցաւեր, ինչպէս նաեւ գլխացաւ: MRI-ի կամ  CT Scan-ի միջոցով կարելի է ախտորոշել եւ շուտով բուժման դիմել:

3.- Ուղեղին մէջ յայտնուող զանազան ուռուցքներ լաւորակ կամ վատորակ, կարելի է պատճառեն գլխացաւ: Ուռուցքները մեծնալով ճնշում կը բանեցնեն ուղեղին վրայ, ասիկա կը պատճառէ գլխացաւ:

Ախտորոշումը կ՛ըլլայ MRI-ի կամ  CT Scan-ի միջոցով եւ վիրահատութեամբ, կամ այլ բուժումներով:

4.- Ուղեղի կաթուածի պարագային, ինչպէս նաեւ զանազան թմրեցուցիչներու գործածութեան իբրեւ արդիւնք, ենթական կրկին կրնայ տառապիլ սուր գլխացաւերէ, որոնք ունին իրենց կանխարգիլման ու բուժման զանազան միջոցները:

Աւարտին տոքթ. Պերճ Տագէսեան զանազան օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 112. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Հսկայական Դասեր Ունի Տալիք Ամբողջ Մարդկութեան» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Դոկտ. Վիգէն Չթըրեան

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.