Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը` շարունակելով իր օժանդակութիւնները կարիքաւոր ընտանիքներուն, Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով ուտեստեղէնի եւ կենցաղային կարիքներու ծրարներ բաշխեց 162 կարիքաւոր սուրիահայ, իրաքահայ եւ լիբանանահայ ընտանիքներու:
Նոյն առիթով, 95 երեխաներու բաժնուեցան խաղալիքներ:
Գրասենեակին ճամբով օժանդակութիւնները կը շարունակուին ապահովուիլ կարիքաւոր ազգայիններու` թէ՛ անհատական եւ թէ՛ պետական մակարդակներու վրայ:


