Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի Տէրեան Հայագիտական Գրադարանին Նուիրաբերուած Հայաստանեան Հրատարակութիւններու Առիթով

August 1, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Տէրեան հայագիտական գրադարանը խորին գոհունակութեամբ կը տեղեկացնէ, որ վերջերս բազմաթիւ արժէքաւոր հրատարակութիւններու նուիրատուութիւն ստացած է Հայաստանի գիտամշակութային ու գիտահետազօտական հետեւեալ կառոյցներէն.-

1) «Մատենադարան»-Մեսրոպ մաշտոցի անուան հին ձեռագիրերու հիմնարկ,

2) Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ (ՀՑԹԻ),

3) Հայաստանի Ազգային գրադարան (ՀԱԳ),

4) Հայաստանի Պատմութեան թանգարան (ՀՊԹ),

5) Հայաստանի Ազգագրութեան թանգարան (ՀԱԹ), ինչպէս նաեւ` գրահրատարակչատուներէ եւ անհատ հեղինակներէ:

Սոյն հրատարակութիւնները յատկանշական ներդրում են գրադարանի ճոխ հաւաքածոյի համալրման ու այժմէականացման աշխատանքին մէջ:

Տէրեան հայագիտական գրադարանը կը միտի շարունակաբար ձեռք բերելու ո՛չ միայն սփիւռքի, այլ նաեւ Հայաստանի տարածքին հրատարակուող գիրքեր` անոնց արժանաւորապէս յատկացնելով պատշաճ անկիւն մը` աւելի քան 42.000 հայերէն ու անգլերէն հատորներ եւ տեսա-լսողական նիւթեր բովանդակող իր հաւաքածոյին մէջ:

Տէրեան հայագիտական գրադարանի անձնակազմս զգացուած է ազնիւ ուշադրութեան համար եւ մասնայատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն` այս գնահատելի ներդրումին առիթով:

Կոչ կ՛ուղղենք կրթա-մշակութային հաստատութիւններու, գրահրատարակչատուներու, անհատ հրատարակիչներու եւ հեղինակներու` ի սփիւռս եւ ի հայրենիս, որ շարունակեն մասնակից դառնալ գրադարանի հաւաքածոյի հարստացման մեր յարատեւ ձգտումին` ի խնդիր հայերէն գրաւոր ժառանգութեան պահպանման ու տարածման:

Այսուհետեւ պարբերաբար պիտի ծանուցենք եւ տարեկան դրութեամբ հանրութեան պիտի ներկայացնենք մեր ստացած ու ձեռք բերած գիրքերուն ցանկը:

Նշենք, որ գրադարանը բաց է բոլոր գիտահետազօտողներուն առջեւ` հայ թէ օտար:

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ   
ՏԷՐԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Նախորդը

Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ

Յաջորդը

Ծառերը Մանկութեան Յուշերու Մէջ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.