Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազդուրման Կայանին Յարկին Տակ Իրենց Արձակուրդը Կ՛անցընեն 45 Մանուկներ Եւ Պատանիներ

Յուլիս 28, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարիներու աւանդութիւն դարձած ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի ամրան ծրագիրը այս տարի եւս ընթացք առաւ կիրակի, 20 յուլիս 2025-ին Այնճարի մէջ, ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի յարկին տակ:

Բոլորին ծանօթ է, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական ծրագիրներուն մէջ անմիջական եւ գլխաւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ հայ մանուկները, իսկ ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանը կը միտի` ամրան հաճելի պահեր պարգեւել լիբանանահայ մանուկներու եւ պատանիներու, անոնց հոգին ուրախացնել եւ անոնց ստեղծագործական միտքը զարգացնել:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին կազմակերպած այս նախաձեռնութիւնը, իր կարեւորութենէն անդին, իմաստ մը կը պարունակէ, որովհետեւ անիկա ընտանեկան հարազատ բոյն կը դառնայ ծրագիրին մասնակիցներուն, որոնց թիւը 45 է այս տարի, առիթ կու տայ անոնց` արձակուրդը խաղով եւ օգտակար աշխատանքով լեցնելու, ընկերութիւններ ստեղծելու եւ վայելելու ճոխ յայտագիրը:

Առաջին օրէն իսկ մանուկներուն ու պատանիներուն խանդավառ ճիչերը, աշխուժ աշխատանքը, վազքը, դաստիարակչական ծրագիրներուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը շունչ փչեցին` Կազդուրման կայանի բակին, խաղավայրին, սրահին, խոհանոցին, ննջարաններուն եւ ամէն տեղ: Ծանօթանալով իրենց ուսուցիչներուն` անոնք մտերմիկ, ջերմ,   հարազատ եւ ընտանեկան մթնոլորտ մը ստեղծեցին, սերտ կապ հաստատուեցաւ անոնց միջեւ:

Նման ծրագիրի մը գոհունակութիւն պատճառող երեւոյթներէն կը հանդիսանան բարերարներուն նուիրատուութիւնները, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ զանազան ձեւերով (ուտելիք, անուշեղէն, ճաշ, պտուղ) կը հասցնեն Կազդուրման կայան:

Այս տարի եւս փոքրիկներ` համախմբուած իրենց պատասխանատուին եւ օգնականներուն շուրջ, մինչեւ 9 օգոստոս երկարող յատուկ մշակուած դաստիարակչական, ընկերային թէ ազգային ծրագիրին ընդմէջէն աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան իրարու, ներքին ու արտաքին ծրագիրներու պիտի մասնակցին եւ յիշատակներ կերտած` պիտի վերադառնան իրենց տուները:

Նախորդը

Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Աշակերտութեան Զարգացման Մրցում

Յաջորդը

Երբ Հայաստանը Երգեց Սէրուժին Հոգիով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս
Գաղութային

Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս

Հոկտեմբեր 17, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?