Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«The Cedars Whispered» Գիրքին Շնորհահանդէսը Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Վէպ Մը` Ցաւի, Յոյսի Եւ Տոկունութեան Մասին

Օգոստոս 6, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 15 յուլիս 2025-ին Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանի «The Cedars Whispered» («Մայրիները շշնջացին») վէպին շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր հեղինակին որդին` Գեղամ Սարգիսեանը, որ երիտասարդական խանդով տուաւ իր վկայութիւնը գիրքի ծննդոցին մասին, ապա ներկայացուց օրուան յայտագիրը:

Գիրքը ներկայացուց Միացեալ Նահանգներէն այս առիթով յատուկ Լիբանան հրաւիրուած` Նիւ Եորքի Ուայթ Փլէյնզ հոգեբուժական բժշկական կեդրոնի (WPP PLLC) տնօրէն տոքթ. Գարլօ Պայրագտարեանը, որ բարձր գնահատեց Քրիստին Դանիէլեանի «Մայրիները շշնջացին» վէպը` նկարագրելով զայն որպէս խորաթափանց պատմութիւն մը, որ կը ներկայացնէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընդմէջէն ստեղծուած ցաւի, յոյսի եւ տոկունութեան միախառն իրականութիւնները:

Տոքթ. Պայրագտարեան ընդգծեց, որ վէպը ոչ միայն մարդկային տառապանքի, այլ նաեւ կարեկցանքի եւ գործնական քայլերու հրաւէր մըն է: Ան դիտել տուաւ, որ Թէոտորայի եւ Անժելայի կերպարներու միջոցով ընթերցողը կը մխրճուի գոյատեւումի, հաւատքի եւ սիրոյ ուժով լեցուն պատմութեան մը ծալքերուն մէջ: Ըստ անոր, գիրքը ընթերցողը կ՛առաջնորդէ դէպի Լիբանանի պատմութեան, մշակոյթի եւ խոհանոցի հարուստ ժառանգութեան աշխարհը, միաժամանակ դառնալով հրաւէր մը` լսելու լռեցուած ձայները եւ արձագանգելու ի խնդիր համամարդկային արժէքներու: Իր խօսքը աւարտելով` տոքթ. Պայրագտարեան ողջունեց Դանիէլեանը ոչ միայն իբրեւ հեղինակ, այլ նաեւ իբրեւ պատմութիւններու վկայ եւ յոյսի պատգամաբեր, շեշտելով, որ «Մայրիները շշնջացին» վէպը հրաւէր մըն է յիշելու պատմութիւններու բուժիչ եւ ոգեշնչող զօրութիւնը:

Սրտի խօսքով հանդէս եկան նաեւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանն ու Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը:

Յակոբ Հաւաթեան բարձր գնահատեց վէպը` նշելով, որ անիկա լոկ գրական գործ մը չէ, այլ` մարդկային ողբերգութիւններու խորազնին ու իրապաշտ ներկայացում մը: Ան շեշտեց, որ գիրքը կը լուսաբանէ` մեր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող անարդարութիւնները, լռեցուած ցաւերը եւ այն յոռի երեւոյթները, որոնց դէմ անհրաժեշտ է հաւաքական զգաստութիւն եւ պատասխանատու քայլեր: Հաւաթեան մատնանշեց, որ այս վէպը ընթերցողը կը դնէ կեանքի հայելիին դիմաց` ինքնաճանաչողութեան եւ իրազեկման հրաւէրով, իսկ անոր խորքը կոչ մըն է` կանխարգիլման, ընկերային բարեփոխութեան եւ հաւաքական գիտակցութեան զօրացման:

Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ այս գիրքին հայերէնով պարզացուած տարբերակը տարածուի պատանի սերունդին մօտ` նկատի ունենալով անոր շահեկան եւ դաստիարակիչ բնոյթը:  Այս մեկնակէտով  ան յայտնեց, թէ Համազգայինի հրատարակչատունը պատրաստ է ստանձնելու պատանեկան այդ հրատարակութեան իրագործումը եւ հովանաւորութիւնը:

Անուշաւան արք. Դանիէլեան իր մտածումներն ու հպարտութիւնը յայտնեց Քրիստին Դանիէլեանի ձեռքբերումներուն գծով` թէ՛ որպէս ընկերային ծառայող, թէ՛ այժմ որպէս գրող: Ան շեշտեց, որ իբրեւ հոգեւորական` միշտ կարեւոր նկատած է ծառայութեան գաղափարը ըլլա՛յ եկեղեցիին ճամբով, ըլլա՛յ որպէս ընկերային ծառայող. բոլոր անոնք, որոնք իրենց կարողութիւնները կը դնեն մարդուն ու ընկերութեան օգտին, Աստուծոյ ծառաները կը նկատուին: Սրբազանը նշեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս անոնց մանկութեան տարիներուն իր եղբօրորդիները միշտ կը յորդորէր` ըսելով. «Չփորձէք հպարտանալ ինձմով, այլ այնպէս ըրէք, որ ես հպարտանամ ձեզմով: Քրիստինը այսօր այդ հպարտութեան կենդանի օրինակն է»:

«Մայրիները շշնջացին» շնորհահանդէսի վերջին խօսքը արտասանեց հեղինակը Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ ներկաներուն հետ կիսեց իր անձնական յուշերն ու ապրումները` իբրեւ Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտ, ընկերային ծառայող եւ գրող: Ան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս իր կեանքին մէջ վճռական դարձած էր զրոյց մը իր հօրեղբօր` Անուշաւան արք. Դանիէլեանի հետ, որ զինք պիտի ուղղէր դէպի ընկերային ծառայութեան ասպարէզը: Դանիէլեան շեշտեց, որ Հայկազեան համալսարանը հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է իր մէջ ձեւաւորելու ծառայութեան, քննական մտածողութեան եւ արդարամտութեան արժէքները:

Ան անդրադարձաւ իր մասնագիտական առաջին փորձառութիւններուն, մարդկային ցաւին դիմաց կանգնելու հոգեբանական ծանրութեան, եւ թէ այս փորձառութիւնները ինչպէ՛ս դարձան իր վէպին հիմնական մղիչ ուժը: «Մայրիները շշնջացին» վէպը` ոգեշնչուած Թէոտորայի իրական պատմութենէն, լոյս կը սփռէ լռութեան մէջ մնացած բռնութիւններու, լքուածութեան եւ հոգեկան ցնցումներու ենթարկուած անձերու ողբերգութեանց վրայ: Դանիէլեան այս վէպով ձայն կու տայ լռեցուածներուն եւ կոչ կ՛ուղղէ քանդելու լռութեան այն փակ օղակները, որոնք յաճախ կը պատեն նման պատմութիւններ:

Հեղինակը անդրադարձաւ նաեւ գրելու ընթացքին իր դիմագրաւած խմբագրական մարտահրաւէրներուն եւ այն անգնահատելի աջակցութեան, զոր ստացած էր` զինք քաջալերողներէն, իր բարեկամներէն, խմբագիրներէն ու ընտանիքէն:

Իր խօսքը աւարտելով` Դանիէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանին, անոր նախագահին` վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին, եւ բոլոր անոնց, որոնք այս կամ այն ձեւով նպաստած էին իր կեանքի ուղիի ձեւաւորման` վէպը նուիրելով իրական Թէոտորային եւ լռեցուած բոլոր ձայներուն, որոնք լսուելու իրենց կարգին կը սպասեն:

Վէպը անցած է խիստ մասնագիտական խմբագրական աշխատանքի շրջանէ մը` Stephanie Havens-ի եւ Elisabeth Chretien-ի կողմէ: Հեղինակը ընտրած է անգլերէնը` նկատի ունենալով, որ գիրքը կը շօշափէ համամարդկային խնդիրներ, որոնց մասին ան պարտաւոր կը զգայ խօսելու միջազգային լսարանին:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին` Արին Մարգարեան, Գէորգ Յովհաննէսեան, Գեղամ Սարգիսեան եւ Եզնիկ Յովհաննէսեան` դաշնամուրի եւ երգեցողութեան գեղեցիկ կատարումներով:

Աւարտին ներկաները ստացան գիրքէն օրինակներ:

Նախորդը

Հեռու Հորիզոններ. Ափրիկէցիք Չեն Ուզեր Լուռ Մնալ

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Յուլիսի Թիւը

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?