Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պատուիրակութեամբ Այցելութիւն Տուաւ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին

July 26, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 24 յուլիս 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելութիւն տուին Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին, Պալամանտի պատրիարքարանին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետը նախ դատապարտեց քանի մը շաբաթ առաջ Դամասկոսի յոյն ուղղափառ Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական ոճիրը եւ այս տխուր առիթով իր ցաւակցութիւնը յայտնեց պատրիարքին ու նահատակներու ընտանիքներուն:

Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց քրիստոնեայ համայնքներու միասնակամութեան հրամայականը, միաժամանակ յիշեցուց, որ անոնք Սուրիոյ ժողովուրդին մաս կը կազմեն: Քրիստոնեաներուն գոյութիւնը արմատացած է Սուրիոյ պատմութեան մէջ եւ, հետեւաբար, բոլոր սուրիացիներուն հետ համահաւասար պարտաւորութիւններ եւ իրաւունքներ ունին:

Այս նոյն մօտեցումը ունեցաւ նաեւ Եազիժի պատրիարքը` յայտնելով, որ դարեր շարունակ քրիստոնեաներ ու իսլամներ միասին ապրած են Սուրիոյ մէջ եւ նոյն գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակեն իրենց գոյակցութիւնը` գործօն մասնակցութիւն բերելով Սուրիոյ վերելքին:

Իրենց զրոյցի ընթացքին երկու հոգեւոր պետերը նաեւ ընդգծեցին, թէ անհրաժեշտ է, որ քրիստոնեաները մնան Սուրիոյ մէջ` կառչելով իրենց համայնքներուն ու քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն:

Նշենք, որ վեհափառ հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Շահան արք. Սարգիսեան, կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան:

Նախորդը

Ֆրանսան Լիբանանին Շտապ Օգնութեան Ծրագիրին Ծիրին Մէջ 75 Միլիոն Եւրօ Պիտի Տրամադրէ

Յաջորդը

Խմբագրական. Լիզպոնի Ուղերձը Այսօր. Պահպանե՛լ Անկախութեան Հռչակագիրին Սահմանադրականութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը
Գաղութային

ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը

November 10, 2026
Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին
Գաղութային

Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.