Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Աշակերտութեան Զարգացման Մրցում

Յուլիս 28, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը հայ ժողովուրդին համար հաւատքի, նուիրումի եւ անձնազոհութեան խորհրդանիշ է: Հաւատալով, որ անոր կեանքն ու գործունէութիւնը ոգեշնչման աղբիւր են երիտասարդ սերունդին համար եւ հիանալի առիթ` աշակերտներուն խորապէս ծանօթացնելու անոր ժառանգութեան, շաբաթ, 12 յուլիս 2025-ին Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» մշակութային միութեան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ կազմակերպեց միջդպրոցական զարգացման մրցում` ի պատիւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման:

Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան,  Սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարաններէն մասնակցող աշակերտները առաւօտեան ժամը 9:30-ին ներկայացան Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մարզադաշտ, տեղւոյն ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի առաջնորդութեամբ բարձրացան Մեսրոպեան վարժարանի մատուռը, ուր միասնաբար կատարեցին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութիւնը հայցող աղօթք մը, որմէ ետք Մեսրոպեանի քննութեան սրահին մէջ ժամը 10:00-ին սկիզբ առաւ մրցումին առաջին փուլը:

Տարիքային առաջին խմբաւորման` 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու համար բաշխուեցաւ յատուկ հարցարան, եւ  տարիքային երկրորդ խմբաւորման` 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտութեան համար` այլ հարցարան: Բոլոր աշակերտները, մէկ ժամ տեւողութեամբ, լրջօրէն, ժրաջանօրէն ու խանդավառութեամբ աշխատեցան` ձգտելով լաւագոյն արդիւնքի:

Առաջին փուլի աւարտին դատական կազմը` Պետրոս վրդ. Մարաշլեան եւ Կարօ Աղազարեան, բծախնդրութեամբ կատարեցին սրբագրութիւնները, գնահատականներ ճշդուեցան, եւ ընտրուեցան առաջին հինգ բարձրագոյն արդիւնքները արձանագրած աշակերտները:

Հայր Սահակ Բ. փուլ անցնող աշակերտներուն անունները յայտարարեց, եւ շարունակուեցաւ մրցումը, որ տեւեց 20 վայրկեան:

Աւարտին բոլոր աշակերտները իրենց ծնողներուն հետ համախմբուեցան Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարանճեան» սրահին մէջ:

Բարերարը իւրաքանչիւր տարիքային խմբաւորումէն մէկական աշակերտի պարգեւեց ճամբորդութեան տոմս մը դէպի Հռոմ` ներկայ գտնուելու երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման արարողութեան:

Սահակ վրդ. Քէշիշեանի ներկաներուն մրցոյթի ընթացքը ներկայացնելէ ետք, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց` դատական կազմին, վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն, ինչպէս նաեւ` «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» մշակութային միութեան անդամներուն: Գնահատեց բոլոր մասնակից աշակերտները, որոնք ճիգ չխնայեցին կարդալու սուրբին վարքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող գիրքը, քաջալերեց միշտ գիրք կարդալ ու զարգացնել գիտելիքները:

Աւարտին ան հրաւիրեց Բ. փուլ անցնող զոյգ խմբաւորումներու աշակերտները զատ-զատ, եւ յայտարարեց անունները առաջին հանդիսացող աշակերտներուն, որոնք ստացան օրուան մեծ պարգեւը:

Ա. խմբաւորումէն առաջին հանդիսացաւ Մեսրոպեան վարժարանէն Գլարա Հաւարեան, իսկ Բ. խմբաւորումէն` Անի Թաշճեան:

Սրտանց շնորհաւորելով մրցանակակիրները` հայր Սահակ խօսքը ուղղեց նաեւ մասնակիցներուն. «Ձեր մասնակցութիւնը եւս շատ արժէքաւոր է: Յիշեցէք, որ ամէն մրցումի մէջ յաղթողը միայն մէկը չէ, այլ` բոլոր անոնք, որոնք կը համարձակին մասնակցիլ, կը սորվին նոր բաներ եւ կը զարգացնեն իրենց գիտելիքներն ու կարողութիւնները: Շնորհակալ ենք ձեր ջանքերուն համար: Շարունակեցէ՛ք ձգտիլ դէպի նոր բարձունքներ»:

 

Նախորդը

Իսրայէլի Նոր Դերը Միջին Արեւելքի Մէջ` Ռազմավարական Վերադասաւորում, Զինուորական Ներկայութիւն Եւ Բնականոնացման Սահմաններ

Յաջորդը

Կազդուրման Կայանին Յարկին Տակ Իրենց Արձակուրդը Կ՛անցընեն 45 Մանուկներ Եւ Պատանիներ

RelatedPosts

«Սարգիս Կիրակոսեան» Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ
Գաղութային

«Սարգիս Կիրակոսեան» Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ

Օգոստոս 20, 2025
Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?