Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճարի Գիւղաւանի Երկինքի Տակ

July 28, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Անցնող 13 տարիներու աւանդութեան վերածուած գրական երեկոները այս տարի եւս կը շարունակուին Այնճարի «Հիւղը» բնակարանին մէջ:

Այս տարուան առաջին հանդիպումը, որ շարքին 43-րդն է, տեղի ունեցաւ կիրակի, 6 յուլիս 2025-ի երեկոյեան, որուն նիւթն էր հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր երաժշտութիւնը: Օրուան բանախօսն էր երաժշտագէտ, խմբավար, շուիահար ու տուտուկահար Զաքար Քէշիշեան:

Մշակութասէր ունկնդիրները յաճախ 20-30 հոգի կ՛ըլլան: Զաքար Քէշիշեանի 7-րդ դասախօսութիւնն էր, որ տեղի կ՛ունենար այս բակին մէջ: Մինչ այս, նախորդ տարիներուն ան յաջորդաբար ներկայացուցած էր` Կոմիտաս, Աշուղ Ջիւանի, Արամ Խաչատուրեան, Բարսեղ Կանաչեան, «Անուշ» օփերա եւ Խաչատուր Աւետիսեան:

Զաքար Քէշիշեան իր դասախօսութեան սկսաւ` ըսելով, որ հայերը քրիստոնէութիւնը ընդունեցին ՔԵ չորրորդ դարու սկիզբը` 301 թուականին, Գրիգոր Լուսաւորիչի առաջնորդութեամբ, Տրդատ  Արշակունի թագաւորին օրով: Իսկ հայերէն գիրերու գիւտը տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ 405  թուականին: Եկեղեցւոյ առաջին հայերէն շարականները գրուեցան եւ երգուեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի կողմէ,  4-րդ դարու սկիզբը:

Զաքար Քէշիշեան յաջորդական դարերու հայ հոգեւոր երաժշտութեան կարեւորագոյն հեղինակներն ու անոնց վաստակը ներկայացնելով` հասաւ ԺԲ. եւ ԺԳ. դարեր` յիշելով Գրիգոր Նարեկացին, Ներսէս Շնորհալին, որոնք ստեղծեցին այնպիսի բարձր որակի հոգեւոր երաժշտութիւն եւ աղօթքներ, որոնք մինչեւ այսօր կը հնչեն մեր եկեղեցիներուն մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ հայ երաժշտական խազագրութեան:

Ան յայտնեց, որ 14-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը մենք  պետականութիւն չունեցանք, բայց հայ ժողովուրդը կրցաւ պահել իր գոյութիւնը հայրենի հողին վրայ եւ այլ երկիրներու մէջ` շնորհիւ իր եկեղեցւոյ, լեզուին ու մշակոյթին:

Քէշիշեան ըսաւ, որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան Հայ եկեղեցին ունեցաւ քառաձայն պատարագ` յօրինուած Կարա Մուրզայի, Մակար Եկմալեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի կողմէ, նշելով, որ անոնք մինչեւ օրս կ՛երգուին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Այնուհետեւ այլ երաժշտահաններ եւս բազմաձայնած կամ յօրինած են պատարագներ:

Դասախօսը յայտնեց, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ որդեգրուած վերջին շարականը Զարեհ արք, Ազնաւորեանի` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման առիթով ստեղծագործած շարականն է, որ կ՛երգուի ամէն ապրիլ 24-ի:

Զուգահեռ, Զաքար Քէշիշեան շուիի եւ տուտուկի վրայ եկեղեցական մեղեդիներ  նուագեց, ապա երգեց:

Անդրադառնալով արդի ժամանակներու հայ հոգեւոր երաժշտական կեանքին` դասախօսը յայտնեց,  որ Հայ աւետարանական եկեղեցին ալ ունի յատուկ եկեղեցական երգեր, որոնք հաւատացեալներուն կողմէ կ՛երգուին: Ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ «Նոր երգ» երաժշտախումբի ներդրումին:

Երեկոն շարունակուեցաւ հարցումներով եւ զրոյցով:

 

 

 

Նախորդը

Յարգանքի եւ Յիշատակի Տուրք Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Ծննդեան 80-ամեակին եւ Վախճանման 25-ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Սկիզբը Վարչակարգի Փոփոխութիւն Էր, Հիմա Անոնք Կ՛ուզեն Մասնատել Իրանը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը
Գաղութային

ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը

November 10, 2026
Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին
Գաղութային

Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.