Շաբաթ, 19 յուլիս 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կապ հաստատեց Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս: Վերջինս քանի մը ժամուան այցելութեամբ Լիբանան եկած էր` աշխատանքային հանդիպումներ ունենալու նախագահին, վարչապետին ու պաշտպանութեան նախարարին հետ:
Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի եւ Յունաստանի միջեւ ծաւալող գործակցութեան համար, յատկապէս զինուորական մարզին մէջ:
Յայտնենք, որ շուրջ երկու ամիս առաջ, Յունաստան կատարած հովուապետական այցելութեան ընթացքին, նախարար Տենտիաս ճաշկերոյթ մը սարքած էր ի պատիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: