Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սիրտ Եւ Օճախ» Համայնքային Խոհանոցը` «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ին Նոր Նախաձեռնութիւնը

July 25, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 15 յուլիս 2025-ին, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ «Սիրտ եւ օճախ» համայնքային խոհանոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Արարողութիւնը սկսաւ վերանորոգուած խոհանոցային բաժանմունքի օրհնութեամբ, զոր կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան: Օրհնութենէն ետք հիւրերը հաւաքուեցան մեծ սրահին մէջ, ուր «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Լիբանանի բաժնի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց համայնքային խոհանոցի գաղափարին ծագման ու իրագործման ոգեշնչող պատմութիւնը: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Վրէժ Սապունճեանին` անոր տեսլականին, քաջալերանքին եւ անսասան աջակցութեան համար, որոնք եղան վճռորոշ` իրագործելու այս կարեւոր ծրագիրը: Այնուհետեւ, առ ի երախտագիտութիւն, Դանիէլեան Սապունճեանին յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը:

Բժշկուհի Օրորա Պայրագտարեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց «Ճինիշեան» հաստատութեան բարեսիրական բոլորանուէր գործունէութիւնը` նշելով իր խոր երախտագիտութիւնը եւ հպարտութիւնը, որ մաս կը կազմէ այս նախաձեռնութեան:

Իր կարգին, բժիշկ Գարլօ Պայրագտարեան բարձր գնահատեց «Ճինիշեան» հաստատութեան առաքելութիւնը` ընդգծելով անոր բերած դրական փոփոխութիւնը համայնքին մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ հայ համայնքը միշտ զօրավիգ կանգնած է իրեն` իր ուսանողական տարիներուն, եւ այսօր պարտաւորուած կը զգայ փոխադարձելու` աջակցելով կարիքաւորներուն «Ճինիշեան» հաստատութեան միջոցով:

Գնահատելով անոնց երկարամեայ յանձնառութիւնն ու առատաձեռն աջակցութիւնը` Քրիստին Դանիէլեան բժիշկներ Գարլօ եւ Օրորա Պայրագտարեաններուն եւս յանձնեց գնահատանքի յատուկ յուշանուէր մը:

Պատուելի Նշան Պաքալեան եւս իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց` գնահատելով «Ճինիշեան» հաստատութեան շարունակական ու հետեւողական ծառայութիւնը հայ համայնքին:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Անուշաւան արք. Դանիէլեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին` ընդգծելով անոր իմաստալից ներկայութիւնը հայ համայնքին մէջ եւ այն խոր հետքը, որ ձգած՛ է կարիքաւորներու կեանքերուն մէջ: Ան վստահեցուց, որ Արեւելեան Ամերիկայի թեմը միշտ պիտի կանգնի «Ճինիշեան» հաստատութեան առաքելութեան եւ գործունէութեան կողքին:

Նախորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Ի.)

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակի Տարբեր Նախաձեռնութիւններով Նշում Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.