Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պետիկ Ինճէեանի Նահատակութեան 40-րդ Տարելիցի Նշում. «Հերոսները Չեն Մեռնիր, Այլ Կ՛անմահանան. Իրենց Մահով Կ՛անմահանան» Ըսաւ Վարդգէս Խօշեան

Յունիս 7, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 5 յունիս 2016-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ զինեալ պայքարի առաջին նահատակ Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան  40-րդ տարելիցին առիթով, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի: Արարողութենէն ետք ներկաները ուղղուեցան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահ, ուր յիշատակի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Արաքս Խօշեան: Ան ամփոփ կերպով ներկայացնելէ ետք նահատակ ընկերոջ կենսագրականը, ըսաւ. «Այսօր երիտասարդութիւնը վտանգուած է իր շուրջ գոյութիւն ունեցող յոռի երեւոյթներէն, եւ մենք` իբրեւ դաշնակցական երիտասարդներ,պէտք է  աշխատինք ամէն գնով, որպէսզի զգուշացնենք հայ երիտասարդը իրեն սպառնացող բոլոր վտանգներէն եւ յոռի երեւոյթներէն: Երիտասարդութեան նկարագիրին անբաժան գլխաւոր բաժինը պէտք է ըլլայ պայքարի ոգին: Ինճէեաններու, Զէյթլեաններու, Աշճեաններու հայրենասէր եւ գաղափարապաշտ նկարագիրները պէտք է ժառանգենք»:

Bedig1_60616

Բացման խօսքէն ետք, ասմունքով մը հանդէս եկաւ նոյն մասնաճիւղէն Կարէն Անտոնեան, որուն տուտուկով ընկերակցեցաւ Նաթալի Աբոգեան: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան. ան իր խօսքին սկիզբը պատկերաւոր եւ ազդու կերպով ներկայացուց 1976-ին Այնճար հայաւանի վիճակը` լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, ապա ան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադառնալով Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան ըսաւ. «Ազատութեան բագինին համար նոր ատրուշան եւ օրհնեալ մկրտատուն դարձաւ. եւ իրմէ ետք եւ իր օրինակով քալեցին գաղափարի մեր բոլոր մարտիկները, որոնց ամէն մէկ գնդակն ու իւրաքաչիւր հարուածը սարսափի մատնեց աշխարհը եւ մեր դարաւոր թշնամին»: Խօշեան նաեւ անդրադարձաւ Պետիկ Ինճէեանի բեղուն եւ աշխուժ միութենական կեանքին` շեշտելով անոր նուիրական ոգին 15 տարիներու ընթացքին:

Օրուան պատգամախօսը աւելցուց. «Հերոսները չեն մեռնիր, այլ կ՛անմահանան. իրենց մահով կ՛անմահանան, որովհետեւ անոնք նահատակութեամբ գիտեն կեանք կերտել, կեանքին տալ իմաստ եւ արժանիք»: Ապա ան խօսքը ուղղելով յաջորդ սերունդներուն ըսաւ, թէ անոնք պէտք է քալեն արդարութեան մարտիկներու ուղիով, անկեղծութեամբ եւ անվախութեամբ թրծուած ուղիով: Քաղաքապետը իր խօսքին ընդմէջէն յիշեց նաեւ բոլոր այն հերոսները եւ նուիրեալ ընկերները, որոնք թէկուզ չնահատակուեցան, սակայն անոնք վիրաւորուեցան կամ դարձան բոլորովին հաշմանդամ: Վարդգէս Խօշեան իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ տողերով. «Պետիկ Ինճէեան ուզեց, որ մեր ընտանիքներուն եւ մեր անմիջական շրջանակին մէջ հայերէնը բիւրեղ հնչէ ու հայը ապրի հայ` իր լեզուով, մշակոյթով ու կենցաղով, որպէսզի արեամբ, կրակով ու մուխերով ողողուած անոր բացած ճամբան միայն վարդ ու շուշան ծաղկի, ոռոգելու համար նոր հերոսներու նահատակ արեամբ: Յիշատակդ անմառ, հերոս ընկեր»:

Օրուան պատգամէն ետք Պետիկ Ինճէեանի նուիրուած ասմունքով մը հանդէս եկաւ Այնճարի «Յառաջ» պատանեկան միութիւնը, ապա բեմ բարձրացաւ Վարանդա Եագուպեան եւ երգեց նահատակ ընկերոջ նուիրուած երգ մը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ կամաւորական գունդերու քայլերգով:

Bedig2_60616

Ձեռնարկէն ետք ներկաները ուղղուեցան գերեզմանատուն, ուր ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ զինեալ պայքարի առաջին նահատակ մուսալեռցի Պետիկ Ինճէեանի դամբարանին առջեւ, ապա աղօթքէ մը ետք «Վէրքերով լի» երգեցին:

 

Նախորդը

Հարցազրոյց` Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի Հետ

Յաջորդը

Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Հիմնարկի «Հայոց Պատմութեան Հիմնահարցեր»-Ու Հեռաուսուցման Ծրագիրին Մասնակցող Տասը Լիբանանահայեր Վկայագիր Ստացան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?