
Կազմակերպութեամբ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան Լիբանանի սանուց միութեան, չորեքշաբթի 1 յունիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սանթր Սոֆիլ»-ի «Մեթրոփոլիս Արթ Սինեմա»-ին մէջ տեղի ունեցաւ բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի «Տաճար լուսոյ» ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը:
Նախքան ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, խօսք առաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան Լիբանանի սանուց միութեան ատենապետ Արմէն Իւրնեշլեան, որ ըսաւ, թէ ՄԿՀ-ի հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով նախկին «մելգոնեանցի»-ները հաւաքուած են այս սրահին մէջ` կրկին լսելու համար իրենց ուսման տաճարին ղօղանջները, որոնք 11 տարիներէ ի վեր չեն հնչեր… Իւրնեշլեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս ժապաւէնի պատրաստութեան մէջ, ըլլայ այդ մէկը կազմակերպուած աշխատանքով, նիւթական զօրակցութեամբ կամ պարզապէս քաջալերանքով: Ան նաեւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Նիկոլ Պեզճեանին եւ իր աշխատանքային խմբակին, որոնք իրականացուցին ՄԿՀ-ի Լիբանանի սանուց միութեան տեսիլքը:

Նիկոլ Պեզճեանի «Տաճար լուսոյ» ժապաւէնը կազմուած է ՄԿՀ-ի շրջանաւարտներու վկայութիւններէն, աշակերտական տարիներու դրուագներէն, ասմունքներէն, իւրաքանչիւրին յիշատակներէն, տպաւորութիւններէն եւ իրենց հետ տարած լոյսի նշոյլէն: Ժապաւէնը ամբողջութեամբ հիւսուած է բանաստեղծական թելով, կը յատկանշէ Պեզճեանի ժապաւէնները: «Տաճար լուսոյ»-ն մեծամասնութեամբ նկարահանուած է Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, պարապ անցքերուն, դասարաններուն, սրահներուն, տարրալուծարանին, գրադարանին մէջ: Տեսարաններուն միջեւ գոյացող ներքին կապը, կարգ մը պատկերներու կրկնութիւնը, բանաստեղծութիւններու ընթերցումը, երգերու կատարողութիւնը, ձայներու իրար մէջ ձուլումը կը ստեղծեն այդ բանաստեղծական թելը, որ հիւսած է ժապաւէնը: Յատկապէս ուշագրաւ են բաց պատուհաններու եւ դռներու պատկերները, որոնք ենթադրել կու տան, թէ հաստատութիւնը կը սպասէ իր անցեալի թէ ներկայի աշակերտութեան: Փաստօրէն, այն տեսարանը, ուր պատանի աշակերտը իր ճամպրուկով կը հասնի դպրոց, կը կրկնուի մերթ գունաւոր պատկերներով, մերթ սեւ-ճերմակ, իսկ ժապաւէնին աւարտին կը տեսնենք նոյն պատանին, որ ճամպրուկը ձեռքին վերջնականապէս դուրս կու գայ դպրոցէն:
«Տաճար լուսոյ»-ն իր բովանդակութեան ծառայեցնելով շարժապատկերի արհեստագիտութիւնները զգալի կը դարձնէ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան իւրայատկութիւնը, տեսանելի կը դարձնէ այն ոգին, որով թրծուած է անոր աշակերտութիւնը եւ հանդիսատեսը վշտակից կը դարձնէ անոր շրջանաւարտներուն կարօտին: Այս վերջինները ունեցած են իբրեւ ուսուցիչ Յակոբ Օշականի եւ Բարսեղ Կանաչեանի նման տիպարներ, որոնք անտարբեր չէին կրնար ձգել իրենց աշակերտները, որոնցմէ Սեպուհ Աբգարեանը` ԳՈՀԱՐ երգչախումբի եւ նուագախումբի նախկին ղեկավարը: Կամ ունեցած են պարզապէս երիտասարդ օրդ. Մարօ մը, որ անմոռանալի տպաւորութիւն մը ձգած է տասներկու տարեկան պատանիին վրայ, որ առաջին անգամ ըլլալով կը կանգնի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան դրան առջեւ:
«Տաճար լուսոյ» խորագիրը իր ամբողջական իմաստը կը գտնէ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան բարերար Կարապետ Մելգոնեանի մէկ նամակին մէջ, զոր կը կարդայ շրջանաւարտ մը. «Մելգոնեանը եղաւ ցեղասպանութեան ամէնէն ազնուական վրէժը»: Շրջանաւարտը կ՛աւելցնէ ըսելով, թէ այս խորագիրը իսկապէս որ կ՛ամփոփէ ՄԿՀ-ի առաքելութիւնը` 80 տարիներ շարունակ լոյս սփռած ըլլալով «արուեստի ու գիտութեան ծարաւ» աշակերտութեան:


