Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Նիքոլ Պերժոն-Պուլտուքեանի Ցուցահանդէսի Բացում

Յունիս 6, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

VRT_1034

Հինգշաբթի, 2 յունիս 2016-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Նիքոլ Պերժոն-Պուլտուքեանի ցուցահանդէսին ներկայութեամբ մեծ թիւով հայ թէ օտար արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:

IMG_3903-2Այս առիթով բացման խօսքը արտասանեց ցուցասրահի անձնակազմէն Սիւզի Տէրտէրեան: Ան յայտնեց, որ Պուլտուքեանի ցուցահանդէսը, որ տարածուած է ցուցասրահի երկու յարկերուն վրայ, հարազատօրէն կ՛արտացոլացնէ արուեստագէտին աշխուժ եւ կենսունակ գործունէութիւնը:

IMG_3937Ապա ֆրանսերէնով խօսք առաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան: Ան յայտնեց, որ արուեստագէտ Պուլտուքեանի գործերը այս ցուցահանդէսի ընթացքին կարելի է բաժնել երեք մասի: Անոնք հոս են ահաւասիկ. «Մենին» (Վելասքեսի տիպարներէն), որոնք կ՛արտայայտեն միաժամանակ վայելչագեղութիւն ու ստոյգ կեցուածքի պրկում` հարկադրուած հանդերձներէն ու անհամեմատ յարդարանքներէն, ինչպէս են` Վելասքեսի պաստառին նշանաւոր «Մենին»-ը:

Ան աւելցուց, որ երկրորդ բաժինով արուեստագէտին մօտ ի յայտ կու գայ  պատմուածքներու, վէպերու, աւանդավէպերու, հեքիաթներու ընդհանուր բովանդակութիւններէն ազդեցութիւն մը, իսկ երրորդ բաժինով` մարդկային յարաբերութիւններու ընդհանուր պարունակ մը, եւ այդ երկուքը մէջտեղ կու գան անձնաւորութիւններու քանդակով: Ան աւելցուց, որ իւրաքանչիւր արուեստագէտ իր գործով մտածում մը կամ յուզում մը կը յառաջացնէ մեր մէջ, եւ իրաւամբ այս քանդակներուն մէջ ոմանք յուզում եւ ոմանք մտածում է, որ կը դրսեւորեն, եւ արուեստագէտը իր գործերով մեզի հետ կը խօսի հարազատ ու անկեղծ:

VRT_0995Աւարտին իր խօսքը արտասանեց արուեստագէտ Նիքոլ Պուլտուքեան, որ յայտնեց, թէ սոյն ցուցահանդէսը կը վկայէ վերջին չորս տարիներու իր ստեղծագործական արկածախնդրութիւնը: Ահաւասիկ հոս են իր գեղարուեստական գործերը, որոնք շինուած են թրծուած կաւէ կամ կաւ-աւազաքարէ, այլակերպուած ռետինէ կամ փոխակերպուած անագապղինձէ: Մատրիտի «Փրատօ», ապա Պարսելոնայի «Փիքասօ» թանգարաններու այցելութենէն ետք սկսած է  յղանալ իր «Մենին»-ը:

Արուեստագէտը իր փորձառութեամբ կը ստեղծագործէ ժամանակակից գործեր եւ անոնց կու տայ ներկայ օրերու նկարագիր:

Քանդակագործ Պերժոն յայտնեց, որ իր գործին մէջ կան նաեւ նշանաւոր անձեր, առասպելական մանրավէպերու եւ վէպերու հերոսներ, որոնք խինդով ու խանդավառութեամբ ուղղաշաղուած են իր մանկութեան: Արուեստագէտը աւելցուց, որ ինք ուզած է վերագտնել եւ վերականգնել զանոնք այնպէս, ինչպէս որ անոնք տպաւորուած են իր յիշողութեան մէջ. այսպէս ծնունդ առած են` «Լը փըթի փրենս», «Սիրանօ տը Պերժերաք», «Տորիան Կրէյ», «Փօ տ՛ան», «Պլանշ նեժ»…

Ան յայտնեց, որ նախընտրած է առանձնաշնորհել «խումբը» առանձին անհատէն: Իւրաքանչիւր քանդակ կը բաղկանայ 2, 3 կամ 4 անձերէ, որոնց միաւորումը կը կազմէ ամբողջութիւն մը:

Վերջաւորութեան ան հաստատեց, որ այս ցուցահանդէսով կը փակուի իր մօտ ստեղծագործութեան առաջին փուլ մը եւ արդէն կը սկսի նորը:

VRT_1056

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Յունիս 1966)

Յաջորդը

Սարկաւագներու Ձեռնադրութիւն Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?