Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորակառոյց Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մասին Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին Յայտարարութիւնը

Յունիս 7, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

tbrots_60616

Ուրախ ենք յայտնելու, որ Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքները գրեթէ հասած են իրենց աւարտին եւ շուտով ընթացք պիտի առնեն նաեւ կահաւորումի եւ ներքին դասաւորումներու աշխատանքները:

Այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք տարբեր հանգրուաններուն ընթացքին համալիրի կառուցման աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերած իրերայաջորդ շինարարական յանձնախումբերու բոլոր անդամներուն եւ գործին աջակցող ազգայիններուն, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան: Սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ ցարդ կատարուած բարերարութիւններուն համար, որոնց մասին անհրաժեշտ մանրամասնութիւններ կը հրապարակենք հետագային:

Առ այդ, նկատի ունենալով Ազգային ուսումնական խորհուրդի տեսակէտն ու այս իմաստով Համալիրի խորհրդատու մարմինին ու Ազգային առաջնորդարանիս տարբեր խորհուրդներուն կողմէ ներկայացուած առաջարկներն ու պարզուած կարծիքները, Ազգային վարչութեանս կողմէ վերամուտի թուական ճշդուեցաւ սեպտեմբեր 2017-ը:

Մինչ այդ, իբրեւ սկիզբ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական քոլեճի, Քառասնից Մանկանց, Աբգարեան եւ Աքսոր Գասարճեան վարժարաններու միաւորման գործընթացին, որոշուեցաւ, որ 2016-2017 կրթական  տարեմուտէն սկսեալ,  նոր համալիրը սկսի օգտագործուիլ վերոնշեալ  չորս վարժարաններու արտադասարանային հաւաքներուն եւ հանդիպումներուն համար:

2016-2017 կրթական տարեմուտի հանգրուանին, կը նշանակուի նաեւ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը, կը ձեւաւորուին ուսուցչական եւ վարչական կազմերը եւ կը յառաջանայ հոգաբարձութիւնը, որպէսզի միաւորուող վարժարաններու տնօրէնութեանց գործակցութեամբ, տարեշրջանի ընթացքին բնական կերպով լրումի հասնի վարժարաններու միաւորման գործընթացը:

Յոյսով ենք, որ շուտով կը ճշդուի ու կը հրապարակուի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ տեղի ունենալիք Ազգային միացեալ վարժարանի պաշտօնական բացման հանդիսութեան թուականը: Վերոյիշեալ առիթով սկիզբ պիտի առնեն նաեւ հանգանակային զանազան նախաձեռնութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել ժողովրդային ամբողջական մասնակցութիւն:

Այս առիթով կու գանք նաեւ տեղեկացնելու, որ առ ի երախտագիտութիւն կրթական ասպարէզին մէջ մեր ազգի բարերարներուն կատարած երախտաշատ աշխատանքին, նախկին վարժարաններու բարերարներուն անունները պիտի ունենան իրենց արժանի յիշատակութիւնը Ազգային միացեալ վարժարանի համալիրին մէջ: Նաեւ, միաւորման ենթակայ վարժարաններու կալուածները շահարկելու ու կրթական մեր աշխատանքներուն աջակից եկամտաբեր ծրագիրներու վերածելու հեռանկարով, Ազգային վարչութեան կողմէ պիտի յառաջանայ յատուկ մարմին մը, որ ուսումնասիրելով կարելիութիւնները պիտի առաջադրէ իրագործելի ծրագիրներ:

Վերջապէս, վստահ ըլլալով, որ գաղութային մեր կեանքի աշխուժացման ու մասնաւորաբար Պուրճ Համուտի շրջանի հայեցի դիմագիծի ամրապնդման հոլովոյթին մէջ Ազգային միացեալ վարժարանը պիտի ունենայ հիմնական եւ վճռադրոշմ դերակատարութիւն, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին միահամուռ եւ բոլորանուէր մասնակցութեամբ ապահովելու կրթական այս նոր հիմնարկի ճառագայթուն եւ արդիւնաշատ առաքելութիւնը:

Ուրբաթ, 3 յունիս  2016

 

Նախորդը

Տէր Զօրի Մէջ Նահատակուեցաւ Բանակի Հալէպահայ Զինուորական Ծառայող Ճորճ Ասսալ

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?