Ուրախ ենք յայտարարելու, որ Լիբանանի Բժշկական սենտիքայի 29 մայիսին կայացած ընտրութիւններուն, Լիբանանահայ բժշկական միութեան թեկնածուն` տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան ընտրուեցաւ խորհուրդի անդամ` 2216 մասնակիցի վրայ ստանալով 888 ձայն, գրաւելով 6-րդ դիրքը 37 թեկնածուներու մէջ :
Ուրախ ենք, որ 37 տարուան բացակայութենէ ետք, Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը 3 տարուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով ունեցաւ իր ներկայացուցիչը սենտիքայի խորհուրդին մէջ:
Այս յաջողութիւնը կարելի եղաւ իրականացնել շնորհիւ ՀՅԴ-ի զօրակցութեան ու կազմակերպական եւ յարաբերական անդուլ աշխատանքին, (յատկապէս մետասաներորդ պահուն), որուն շնորհիւ կարելի եղաւ մաս կազմել տոքթ. Ռեմոն Սայեղի ցանկին, մեծաթիւ ուժերու կողքին:
Շնորհակալութիւն քուէարկութեան մասնակից մեր 58 հայ բժիշկներուն` իրենց խանդավառ եւ աշխուժ զօրակցութեան համար:
Շնորհակալութիւն մեր ցանկակիցներուն` իրենց զանգուածային ու անվերապահ զօրակցութեան համար:
Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր ներկայացուցիչին:
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ