
Շաբաթ, 28 մայիս 2016-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին վանքի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Լարի Միլլըր, նախկին ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հիւպըրթ Վան Պիք եւ դոկտ. հայր Կապրիէլ Հաշեմ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:
Պատուիրակութիւնը այցելած էր վեհափառ հայրապետին նախ շնորհակալութիւն յայտնելու Ֆորումի աշխատանքներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ցուցաբերած գործօն մասնակցութեան համար եւ տեղեակ պահելու ու ունենալու անոր տեսակէտները Ֆորումի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ընթացքին ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկուեցան միջեկեղեցական շարժումի ներկայ իրավիճակն ու անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները: Վեհափառ հայրապետը միջեկեղեցական երկար տարիներու եւ լայն փորձառութեան լոյսին տակ իր թելադրութիւնները կատարեց Ֆորումի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ գնահատեց Ֆորումի աշխատանքներուն եւ մշակած ծրագիրներուն լրջութիւնը: Ան նաեւ քաջալերեց, որ
միջկրօնական համագումարներ եւս տեղ գտնեն ֆորումի ծրագիրներուն մէջ:


