Աւելի Քան 620 Մարզիկներ, 800 Մրցումներ Եւ Մարզաձեւեր` Հայկական Մարզական Միասնութեան Եւ Եղբայրութեան Տօն Մը
Շաբաթ, 31 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 5:30-էն սկսեալ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան» առաջին մարզախաղերու փակման եւ Լիբանանի Հայկական վարժարաններու միջդպրոցական մարզական մրցումներու (ԼԵՎԱՄ) 60-ամեակի բացման հանդիսութիւնը, որ համախմբեց ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներ, ազգային ու միութենական ներկայացուցիչներ, հայ վարժարաններու տնօրէններ, մարզիկներ, ծնողներ եւ հոծ թիւով ներկաներ:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ «Յաղթանակի երեկոյ» խորագրեալ երգահանդէսով: Երգիչ Սուրէն Աճէմեան, ընկերակցութեամբ երգեհոնահար Սարգիս Ադամեանի, ներկայացուց ազգային-յեղափոխական երգերու փունջ մը` «Երազ իմ երկիր հայրենի», «Մարտիկի երգը», «Լիզպոն 5», «Հայեր, միացէք», «Ղարաբաղ», «Դրոյի երգը», «Գինի լից» եւ ՀՄԸՄ-ի այս տարի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բանակումին նուիրուած երգը: Երգահանդէսին ներկայ էին նաեւ «Նաւասարդեան» առաջին մարզախաղերուն մասնակցած մարզիկներն ու դպրոցական աշակերտները:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հանդիսութեան պաշտօնական բացումը` Հայաստանի, Լիբանանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենադպիր Լուսին Գազանճեան: Ան ողջունեց ներկայ հիւրերն ու միութենական ներկայացուցիչները, ապա անդրադարձաւ օրուան երկու կարեւոր առիթներուն` ԼԵՎԱՄ-ի վաթսունամեայ երթին եւ «Նաւասարդեան» առաջին մարզախաղերու յաջող աւարտին:
Գազանճեան ընդգծեց, որ ԼԵՎԱՄ-ի վաթսուն տարիներու գործունէութիւնը եղած է մարզական յաղթանակներով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ լեցուն երթ մը: ԼԵՎԱՄ-ի առաքելութիւնը եղած է հայ աշակերտներուն մէջ զարգացնել մարզական սէրը, համախմբել տարբեր վարժարաններու պատանիները` առողջ մրցակցութեան եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ: Ան շեշտեց, որ այս տարիներուն հայ դպրոցներու աշակերտները իրենց մասնակցութեամբ աշխուժացուցած են մարզադաշտերը` իրենց մէջ կրելով ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանի ոգին:
Անդրադառնալով «Նաւասարդեան» առաջին մարզախաղերուն` Գազանճեան զանոնք բնորոշեց իբրեւ միասնութեան եւ առողջ մարզական ոգիի տօն մը: Ան շեշտեց, որ, թէեւ մետալները պիտի յանձնուին լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրած մարզիկներուն, սակայն իսկական յաղթանակը կը կայանայ ՀՄԸՄ-ի ոգիին, նոր բարեկամութիւններու եւ հայկական միասնականութեան ամրապնդման մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մարզիկներուն, մարզիչներուն եւ կազմակերպիչներուն` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ յառաջիկայ մարզախաղերուն:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի պատասխանատու Մարալ Գուլաճեան, որ պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ԼԵՎԱՄ-ի 2026-2027 տարեշրջանը:
Իր խօսքին մէջ ան ներկայացուց ԼԵՎԱՄ-ի հիմնադրութեան պատմութիւնն ու վաթսունամեայ գործունէութեան ուղին: 1966-ին սկիզբ առած մրցաշարքերու կազմակերպման նախաձեռնութիւնը նպատակ ունէր համախմբել լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու աշակերտները` մարմնակրթութիւնը վերածելով ծանօթութեան, բարեկամութեան եւ ազգային պատկանելիութեան ամրապնդման միջոցի: ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի ջանքերով սկսած ԼԵՎԱՄ-ը 1969-ին յանձնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պատասխանատուութեան` յատուկ յանձնախումբի մը կազմութեամբ: Հակառակ պատերազմի տարիներուն պատճառած ընդհատումներուն, ԼԵՎԱՄ-ը շարունակած է իր երթը` պահպանելով իր սկզբունքներն ու առաքելութիւնը:
Գուլաճեան շեշտեց, որ «Առողջ միտք` առողջ մարմնի մէջ» սկզբունքով առաջնորդուող ԼԵՎԱՄ-ը աշակերտներուն կ՛ընձեռէ իրենց կարողութիւնները զարգացնելու, յարատեւութիւն եւ պատասխանատուութիւն սորվելու, ինչպէս նաեւ հաւաքական նպատակներու համար գործելու միջավայր մը: Այսպիսով, դպրոցին մէջ ստացած ազգային դաստիարակութիւնը կը վերածուի ապրուած փորձառութեան:
Այս յոբելեանական առիթով ան երախտագիտութեամբ յիշեց ԼԵՎԱՄ-ի հիմնադիրներն ու վաթսունամեայ ընթացքին ծառայած բոլոր նուիրեալները: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադիր սերունդի ներկայացուցիչ Ալեքքօ Պէզիքեանին` իր երկարամեայ ներդրումին եւ այս տարեշրջանին նախագահութիւնը ստանձնելուն համար: Անոր գործունէութիւնը, Գուլաճեանի հաստատումով, կամուրջ մը կը հանդիսանայ ԼԵՎԱՄ-ը հիմնադրած սերունդին եւ այսօրուան պատանի ու երիտասարդ մասնակիցներուն միջեւ:
Ան նաեւ գնահատեց լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէնութեանց, մարզական պատասխանատուներուն, մարզիչներուն, ծնողներուն եւ կազմակերպիչներուն գործակցութիւնը: Այս առիթով յայտնեց, որ 2026-2027 տարեշրջանի ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են տասնհինգ հայկական վարժարաններ: Իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ան կոչ ուղղեց հպարտութեամբ ներկայացնելու իրենց դպրոցները, մրցելու ազնուօրէն եւ շարունակելու ԼԵՎԱՄ-ի վաթսունամեայ պատմութիւնը:
Օրուան հանդիսավարներ` Սագօ Եագուպեան եւ Էւա Ղազարեան մարզադաշտ հրաւիրեցին հայկական վարժարաններու աշակերտները: Իւրաքանչիւր վարժարանի անունը տալու ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ դպրոցին հիմնադրութեան թուականը` հանդիսութեան ընթացքին ընդգծելով լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններու հարուստ պատմութիւնն ու շարունակական ներկայութիւնը:
Այս առիթով երգիչ Վիգէն Տիշչեքենեան առաջին անգամն ըլլալով ներկայացուց ԼԵՎԱՄ-ի 60-ամեակին նուիրուած իր երգը: Ապա ցուցադրուեցաւ «Նաւասարդեան» առաջին մարզախաղերու ընթացքը ներկայացնող տեսերիզ մը, որ ամփոփեց նախորդ օրերու մրցումներն ու մարզական յիշարժան պահերը:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Զաւէն Տէր Պետրոսեան: Ան ընդգծեց, որ ձեռնարկը պարզապէս մարզախաղերու փակում մը չէ, այլ նոր մարզական աւանդութեան մը հիմնադրութիւնը, որ յառաջիկայ տարիներուն պիտի համախմբէ լիբանանահայ գաղութը, երիտասարդութիւնը, ծնողները, ՀՄԸՄ-ի անդամներն ու համակիրները:
Տէր Պետրոսեան ներկայացուց առաջին «Նաւասարդեան» մարզախաղերու արդիւնքները` նշելով, որ նախորդ 16 օրերուն համախմբուած էին աւելի քան 620 մարզիկներ, որոնք արձանագրած էին 700-է աւելի մասնակցութիւն եւ մրցած` աւելի քան 800 մրցումներու, որոնք տեղի ունեցած էին վեց մարզաձեւերու մէջ` ֆութպոլ (309 մասնակից), պասքէթ (164), փինկ փոնկ (81), ճատրակ (49), հեծանիւ (56) եւ փետըլ (42):
Տէր Պետրոսեան գոհունակութեամբ հաստատեց, որ մարզախաղերը յաջողութեամբ ընթացած էին թէ՛ կազմակերպական եւ թէ՛ մասնակցութեան առումներով` ստեղծելով դրական ու եղբայրական մրցակցութեան մթնոլորտ: Ան յատկապէս ընդգծեց, որ մրցումներուն ամբողջ ընթացքին կարգապահական որեւէ միջադէպ չէ արձանագրուած: Ծնողներ ստանձնած էին նաեւ մարզիչի դեր, իսկ մարզիկներու միջեւ ձեւաւորուած էին նոր եղբայրական կապեր:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզիկներուն` իրենց մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի ընտանեկան ոգին դրսեւորելնուն համար, ծնողներուն` իրենց զաւակներուն մասնակցութիւնը քաջալերելուն եւ երբեմն նոյնիսկ խումբեր մարզելուն համար, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ մարզական պատասխանատուներուն` իրենց նեցուկին համար:
Տէր Պետրոսեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Նաւասարդեան» մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Ալեքքօ Պէզիքեանին` անոր բարոյական եւ նիւթական նեցուկին համար, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան կողմէ նշանակուած յատուկ յանձնախումբի անդամներուն, որոնք աւելի քան երեք ամիս անխոնջ աշխատանք տարած էին ձեռնարկը յաջողցնելու համար:
Ան ընդգծեց, որ «Նաւասարդեան» մարզախաղերը մարզամշակութային տօն են, որոնց նպատակն է հայ մարզիկին տալ իր կարողութիւնները ցուցաբերելու առիթ` միաժամանակ զարգացնելով անոր ազգասիրութիւնը, կարգապահութիւնը, պատուի զգացումն ու մարզական ոգին: Նշելով, որ այս առիթով աւելի քան 200 մարզիկներ պիտի արժանանան մրցանակներու, ան շեշտեց, որ յաղթած թէ պարտուած, մետալակիր թէ ոչ` բոլոր մասնակիցները ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատմութեան մէջ նոր էջ մը բացած էին:
Հանդիսութեան յաջորդ բաժինով տեղի ունեցաւ «Նաւասարդեան» առաջին մարզախաղերու մետալաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան տարբեր մարզաձեւերու լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրած մարզիկները:
Ապա փակման խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» առաջին մարզախաղերու յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Պէրպէրեան: Ան պաշտօնապէս յայտարարեց մարզախաղերու աւարտը` գնահատանքի խօսք ուղղելով բոլոր այն հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, որոնք գործակցած էին կազմակերպչական յանձնախումբին հետ, ինչպէս նաեւ անհատական եւ խմբային մարզաձեւերու մասնակից հայորդիներուն:
Պէրպէրեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ յանձնախումբերուն, որոնք իրենց մարզիկներով ու սկաուտներով մասնակցած էին այս նախաձեռնութեան: Ան յատուկ կերպով նշեց նաեւ թեքնիք յանձնախումբերը, իրաւարարները, մարզիչները, դատական կազմը, դաշտերու պատասխանատուներն ու բոլոր օժանդակողները:
Ան ուրախութեամբ նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքը առաջին անգամն ըլլալով յաջողած էր համախմբել մեծ թիւով հայ պատանիներ եւ երիտասարդներ: Այս իրագործումը, Պէրպէրեանի համաձայն, ոչ միայն մարզական նախաձեռնութիւն մըն էր, այլ նաեւ առիթ` զարգացնելու հայորդիներուն կարողութիւնները, բարձրացնելու մարզական ոգին, հաստատելու նոր ծանօթութիւններ եւ ամրապնդելու հայկական մրցաշարքի մը նկատմամբ վստահութիւնը:
Իր խօսքին աւարտին Կ. Պէրպէրեան յոյս յայտնեց, որ այս տարուան մասնակիցները յառաջիկայ «Նաւասարդեան» մարզախաղերուն դարձեալ պիտի մասնակցին մեծ ոգեւորութեամբ եւ պիտի քաջալերեն նոր մասնակիցներ: Ան ընդգծեց, որ այս նախաձեռնութիւնը պիտի արձանագրուի ՀՄԸՄ-ի տարեգրութեան մէջ` իբրեւ մարզական կարեւոր իրագործում մը:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յաղթանակի երեկոյ»-ի շարունակութեամբ: Վիգէն Տիշչեքենեան իր երգեցողութեամբ ներկայացուց ազգային-յեղափոխական երգերու փունջ մը, որոնց շարքին` «Հայորդիկ» եւ «Արիւնոտ դրօշ» երգերը:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան» առաջին մարզախաղերը իրենց աւարտին հասան` արձանագրելով մարզական յաջողութիւն մը եւ միաժամանակ հիմք դնելով նոր աւանդութեան մը: Իսկ ԼԵՎԱՄ-ի վաթսունամեակի մեկնարկը նոր առիթ մը հանդիսացաւ վերարժեւորելու վաթսուն տարիներու մարզական, դաստիարակչական եւ միութենական աշխատանքը` նոր սերունդներուն փոխանցելով ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին ոգին:









