Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` նիւթ ունենալով «Քայլ պահենք Արհեստական բանականութեան զարգացումներուն հետ»:
ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անի Պաղտիկեան, որ ըսաւ, թէ Արհեստական բանականութիւնն ու անոր զարգացումները մեր օրերուն կը դիւրացնեն եւ հաճելի կը դարձնեն մեր առօրեան, անոնց օգնութեամբ կրնանք գտնել մեր բոլոր հարցումներուն պատասխաները:
Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ Կարօ Քէլէշեան` ներկայացնելով երկու երգ, «Վարդ սիրեցի» (ժողովրդական) եւ «Զեփիւռ կը դառնամ» (խօսք եւ երաժշտութիւն Գուսան Շահէնի):
Օրուան բանախօսն էր Վիքի Գարագաշեանը: Ան լուսարձակի տակ առաւ Արհեստական բանականութեան արագընթաց զարգացումները, անոնց ընձեռած կարելիութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ թուային դարաշրջանին հայ կնոջ եւ հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւնը: Ան յստակ բացատրութիւններով եւ հարուստ գիտելիքներով ներկաներուն առիթ ընծայեց ծանօթանալու Արհեստական բանականութեան էութեան, անոր զարգացման ընթացքին եւ առօրեայ կեանքին մէջ ունեցած բազմակողմանի գործածութեան:
Դասախօսութեան առաջին բաժինին մէջ ընդգծուեցաւ, թէ մարդկութիւնը իր պատմութեան ընթացքին շարունակ դիմագրաւած է նորարարութիւններ, որոնք հիմնովին փոխած են կեանքի պայմանները` կրակի եւ գործիքներու կիրարկումէն մինչեւ գիւղատնտեսութիւն, գիր, տպագրութիւն, ելեկտրականութիւն, համակարգիչ եւ համացանց: Իսկ այսօր Արհեստական բանականութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ այդ երկար ուղիին նոր փուլը` ստեղծելով նոր կարելիութիւններ, բայց միաժամանակ առաջադրելով նոր հարցադրումներ եւ պատասխանատուութիւններ:
Բանախօսը բացատրեց, թէ Արհեստական բանականութեան զանազան հարթակներու միջոցով կարելի է պատրաստել նամակներ եւ թղթակցութիւններ, ամփոփել փաստաթուղթեր, ստեղծել պատկերներ, պատրաստել տեսերիզներ, ձեռք բերել նոր գիտելիքներ եւ դիւրացնել կազմակերպչական աշխատանքները: Ըստ անոր, այս կարելիութիւններէն օգտուելու համար անհրաժեշտ չէ ըլլալ համակարգչային մասնագէտ, կարեւորը սորվելու կամքն է, յստակ հարցումներ ուղղելու կարողութիւնը եւ մնայուն կերպով զարգանալու պատրաստակամութիւնը:
Միաժամանակ շեշտուեցաւ Արհեստական բանականութիւնը պատասխանատուութեամբ օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը` ստուգել տեղեկութիւններուն ճշգրտութիւնը, պաշտպանել անձնական եւ զգայուն տուեալները, զգուշանալ կեղծ պատկերներէ ու ձայներէ եւ պահպանել մարդկային մտածողութեան ու դատողութեան առաջնահերթութիւնը:
Դասախօսութեան առանցքային բաժիններէն մէկը նուիրուած էր հայ կնոջ դերին` թուային դարաշրջանին ազգային ինքնութեան պահպանման եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան մէջ:
Վիքի Գարագաշեան նշեց, որ հայ կինը դարեր շարունակ եղած է ընտանիքի, մշակոյթի, լեզուի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն հիմնասիւններէն մէկը: Այսօր, երբ նոր սերունդը կը մեծնայ համաշխարհայնացման եւ թուային հարթակներու ազդեցութեան ներքեւ, անհրաժեշտ է վերանայիլ դաստիարակութեան մօտեցումները եւ ժամանակակից միջոցները ծառայեցնել հայեցի արժէքներու փոխանցման:
Բանախօսը ներկայացուց նոր սերունդին փոխանցուելիք երեք հիմնական յենասիւները` արմատ, միտք եւ մարմին: Արմատը կը ներառէ լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը, միտքը` քննադատական մտածողութիւնն ու թուային հմտութիւնները, իսկ մարմինը` կենդանի կապերը, իրական յարաբերութիւնն ու ֆիզիքական գործունէութիւնը: Այս երեքին ներդաշնակ համադրութեամբ միայն կարելի է պատրաստել սերունդ մը, որ ամուր կառչած կը մնայ իր ազգային արմատներուն եւ միաժամանակ պատրաստ կ՛ըլլայ նոր աշխարհի կարելիութիւններուն:
Վ. Գարագաշեան յայտնեց, որ Արհեստական բանականութիւնը պէտք չէ դիտել իբրեւ թշնամի, այլ` իբրեւ գործիք մը, որուն ճիշդ եւ գիտակից գործածութիւնը կրնայ նպաստել հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ պատմութեան տարածման, համայնքային կառոյցներու աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան եւ միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման:
Աւարտին դասախօսը թելադրեց. «Եկէք քայլ պահենք Արհեստական բանականութեան զարգացումներուն հետ, պատրաստ ըլլանք եւ զինուինք նոր գիտելիքներով եւ օգտագործենք զայն հայավարի ոգիով, որպէսզի զօրաւոր մնանք մեր անհատական եւ միութենական կեանքին մէջ»:
Աւարտին բանախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:





