ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Օգտուելով ՀՅԴ «Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամներ Բագրատ Գրիգորեանի եւ Շէրիլին Տիրացուեանի Օսլոյի մէջ նորվեկիական Երիտասարդ քրիստոնեայ դեմոկրատներ կուսակցութեան կազմակերպած ուսումնական այցելութեան ծրագիրի մասնակցութեան առիթէն, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակ մը յղեց Նորվեկիոյ խորհրդարանի եւ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Ամալի Կունուֆսենին: Նամակը կ՛անդրադառնար Արցախի հայ ժողովուրդի միջազգային օրէնքով ամրագրուած տունդարձի իրաւունքին, Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու ազատ արձակման, Հայաստանի Հանրապետութենէն տարածքներ...




















