ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակէն կը յայտնեն, որ 26-31 հոկտեմբեր 2026-ին, Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY) Միջերկրականեան յանձնախումբի ժողովը տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ` Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի (MENA LATINA) ցանցին հետ կազմակերպուած միացեալ ձեռնարկով: Երկու նախաձեռնութիւններն ալ հիւրընկալուեցան Լիբանանի Յառաջդիմական երիտասարդական կազմակերպութեան (PYO) կողմէ:
ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը ներկայացուցին Զաւարեան ուսանողական միութենէն Շերիլին Տիրացուեան եւ Բագրատ Գրիգորեան:
MENA LATINA-ի ձեռնարկին մասնակցեցան Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի յառաջդիմական երիտասարդական կազմակերպութիւններ, հասարակական գործիչներ եւ քաղաքական դէմքեր: Միջերկրականեան յանձնախումբի ժողովին մասնակցեցան Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ կազմակերպութիւններ` Հայաստանէն, Պաղեստինէն, Յունաստանէն, Լիբանանէն, Մարոքէն, Սպանիայէն, Քիւրտիստանէն (Հիւսիսային Իրաք), Թունուզէն, Թուրքիայէն եւ Արեւմտեան Սահարայէն:
Ծրագիրը ներառեց հանդիպումներ` Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի, նախարարներու եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան (PSP) ղեկավարներուն հետ:
«Միջերկրականեան երիտասարդութիւնը ընդդէմ ծայրայեղ աջին. ընկերվարական արձագանգ մը» խորագիրին ներքեւ մասնակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային հակամարտութիւնները, աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնները, միջազգային կարգը եւ ծայրայեղ աջ շարժումներու վերելքը:
Քննարկումներն ու մասնակից երկիրներու զեկոյցները կեդրոնացան յառաջդիմական երիտասարդական կազմակերպութիւններու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ միջազգային զօրակցութեան անհրաժեշտութեան վրայ:
ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները անդրադարձան Լիբանանի մէջ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքական զարգացումներուն: Անոնք ընդգծեցին Արցախի հայաթափումը` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութիւն, եւ քննադատեցին միջազգային հանրութեան, յատկապէս յառաջդիմական կուսակցութիւններու եւ շարժումներու անբաւարար հակազդեցութիւնը:
Մարդկային իրաւունքներու շուրջ քննարկումներուն ընթացքին, յատկապէս Կազայի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան հարցով, ՀՅԴ-ի պատուիրակները զուգահեռներ գծեցին Կազայի կացութեան եւ Արցախի հայաթափման միջեւ: Անոնք նաեւ անդրադարձան Իսրայէլի կողմէ ապօրինաբար բանտարկուած պաղեստինցի պատանդներու հարցին` լուսարձակի տակ առնելով այն, որ նմանատիպ կացութեան մէջ կը գտնուին Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ պատանդները, որոնց շարքին է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեանը:
Դաշնակցական պատուիրակութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց միջազգային ընկերվարական շարժումի դերակատարութիւնը` համաշխարհային ուշադրութեան հրաւիրելու եւ նպաստելու ապօրինաբար ձերբակալուած պատանդներու արդարութեան հասնելու ջանքերուն:
Պատուիրակները այցելեցին պաղեստինեան գաղթակայան` տեղւոյն պայմաններուն ծանօթանալու եւ զօրակցութիւն յայտնելու պաղեստինցի ժողովուրդին եւ գործընկեր կազմակերպութիւններուն` Ֆաթհ երիտասարդական շարժումին եւ Պաղեստինցի ուսանողներու ընդհանուր միութեան (GUPS):
Ծրագիրի ծիրէն ներս, պատուիրակները այցելեցին նաեւ «Նահար» թերթի խմբագրատունը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կազմակերպուած շրջապտոյտը առիթ ընծայեց մասնակիցներուն ծանօթանալու նաւահանգիստին առօրեայ գործունէութեան եւ Պէյրութի մէջ անոր ունեցած դերին:
Ծրագիրը եզրափակուեցաւ ընկերային եւ ծանօթացման ձեռնարկներով, որոնք նպաստեցին մասնակից կազմակերպութիւններու միջեւ կապերու ամրապնդման:
ՀՅԴ Երիտասարդականը կը վերահաստատէ հայկական հարցերու բարձրաձայնման կարեւորութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ` պաշտպանելով արդարութիւնն ու մարդու իրաւունքները:





