Մըզհերի Հոգեւոր լսարանը, որ արդէն տասնչորս տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր հոգեւոր-կրթական առաքելութիւնը, չորեքշաբթի, 4 նոյեմբեր 2026-ին, հանդիսաւոր կերպով սկսաւ իր նոր տարեշրջանին` բազմամարդ մասնակցութեամբ:
Հանդիպման սրահը լեցուն էր, իսկ առաւել քան հարիւր մասնակիցներու ներկայութիւնը վկայեց այս նախաձեռնութեան հանդէպ աճող հետաքրքրութեան եւ գնահատանքին մասին:
Հանդիպումը բացուեցաւ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքով: Ան ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց նոր տարեշրջանի ուսումնառութեան ծրագիրը` յայտնելով, որ այս տարի մասնակիցները հանգամանօրէն պիտի ուսումնասիրեն Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչի Աւետարանը` խորանալով անոր պատգամներուն, ուսուցումներուն եւ աստուածաբանական խորհուրդներուն մէջ:
Իր խօսքին ընթացքին տէր հայրը ընդգծեց, որ Աստուածաշունչը պարզապէս ընթերցանութեան գիրք մը չէ, այլ` կեանքի ուղեցոյց եւ հոգեւոր անսպառ գանձարան: Անոր պատգամները մարդուն կը պարգեւեն իմաստութիւն, մխիթարութիւն, յոյս եւ առաջնորդութիւն, յատկապէս կեանքի դժուարութիւններով եւ փորձութիւններով լի փուլերուն: Քահանայ հայրը նշեց, որ աստուածային խօսքը մեզի կը սորվեցնէ խաղաղութիւն, ներողամտութիւն, արդարութիւն եւ բարութիւն` առաջնորդելով դէպի աւելի գիտակից, սիրալիր եւ Աստուծոյ կամքին համահունչ կեանք:
Հանդիպման աւարտին, կազմակերպիչ յանձնախումբին հոգատար պատրաստութեամբ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հիւրասիրութիւն մը: Այս առիթը նաեւ նպաստեց մասնակիցներուն միջեւ հաղորդակցութեան, ջերմ զրոյցներու եւ հաճելի պահերու բաժնեկցութեան:
Բաժանման պահուն ներկաները հրաժեշտ տուին` յառաջիկայ չորեքշաբթի կրկին հանդիպելու եւ ուսումնառութեան ընթացքը շարունակելու ակնկալութեամբ:
Մըզհերի Հոգեւոր լսարանը կը շարունակէ իր կարեւոր առաքելութիւնը` իւրաքանչիւր չորեքշաբթի համախմբելով հոգեւոր գիտելիքի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան եւ քրիստոնէական արժէքներու խոր ճանաչողութեան փափաք ունեցող անձեր:
Տասնչորս տարիներու շարունակական գործունէութիւնը գեղեցիկ վկայութիւն մըն է, թէ հաւատքի լոյսը, հոգեւոր գիտելիքն ու եղբայրական միասնութեան ոգին կը մնան մարդուն ներաշխարհը հարստացնող անսպառ աղբիւրներ:
Թող նոր տարեշրջանը դառնայ հոգեւոր աճումի, գիտելիքի խորացման եւ օրհնաբեր հանդիպումներու նոր փուլ մը` ի շահ բոլոր մասնակիցներուն եւ ի փառս Աստուծոյ:
ԹՂԹԱԿԻՑ


