Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ-ի 120-Ամեակի Յոբելենական Նշում

November 16, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութիւնը Լիբանանի ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային յանձնաժողովին, նախագահութեամբ Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանի, նախաձեռնութեամբ «Խօսնակ» մշակութային յանձնախումբին, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ` Շահէ արք. Փանոսեանի,  ուրբաթ, 30 հոկտեմբերի երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան կեդրոնին մէջ նշուեցաւ միութեան հիմնադրութեան 120-ամեակը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկան տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան եւ Մարիա Ժէրթիտեան, որոնք փոխանցեցին տեղեկութիւններ միութեան անցած ուղիին մասին:

Այնուհետեւ օրուան հանդիսավարներ Աւետիս Տիպան եւ Մարիանա Այանեան մերթ ընդ մերթ հաղորդեցին ՀԲԸՄ-ի նախագահներուն` միութեան մասին արտասանած խօսքերը:

Ապա գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Սելա Սվագճեան, որ ջութակով նուագեց Կոմիտասի «Հով արէք» երաժշտական կտորը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Նանոր Արնէլեանի, սաքսոֆոնահար Գրիգոր Արնէլեան նուագեց «Ով դու գեղեցիկ» կտորը, սոփրանօ Միրէյ Քիւթիւքճեան մեկնաբանեց Բարսեղ Կանաչեանի «Ծով աչեր» երգը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Մարալ Արնէլեանի, նաեւ Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Երկիր Հայրենի» երգը: Լիանա Ամիրխանեան  արտասանեց Համամարտի ՀԲԸՄ-ի նուիրուած «Բարեգործականին» քերթուածը, Շահէ Պապահէքեան ձեռնադաշնակի վրայ նուագեց երաժշտական կտորներ, Համբիկ Մարտիրոսեան դաշնակի վրայ նուագեց Էտուարտ Պաղտասարեանի երաժշտական կտորներէն, Արէն, Ալեք եւ Առնօ Տօներեան եղբայրները  դաշնամուրի, ջութակի եւ թաւջութակի նուագակցութեամբ մեկնաբանեցին Կոմիտասի «Հապրպան»-ը եւ Խաչատուրեանի «Մասքարատ»-ը:

Օրուան բանախօսն էր բանաստեղծ եւ արձակագիր, «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան:

Ան ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի  ծննդոցը` կարեւոր նկատելով Եգիպտոսի աշխարհագրական դիրքը` 1906 թուականին, գնահատելով հիմնադիրներուն ունեցած առանձնաշնորհումները, եւ ներկայացուց գլխաւոր հիմնադիր Պօղոս Նուպար փաշայի կենսագրականը:

Ապա ան անդրադարձաւ միութեան անցած 120-ամեայ ուղիին, Արեւմտեան Հայաստանէն ներս անոր ունեցած գործունէութեան, մարդասիրական եւ կրթական առաքելութեան, Խորհրդային Հայաստանէն ներս միութեան ունեցած դրական գործունէութեան, նաեւ Լիբանանի պարագային երկրի մէջ տիրող  ճգնաժամային վայրկեաններուն ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին մարդասիրական իրագործումներուն` առաջնորդութեամբ ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանի:

Համբիկ Մարտիրոսեան բացատրեց ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան նպատակը, էութիւնը, վաստակը, նաեւ միութեան առաքելութիւնը եւ դէպի ապագայ նոյն տեսլականով ու ճանապարհով ուղղուելու եւ առաջնորդուելու անսայթաք ուղին:

Այնուհետեւ «Շողերգ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Համբիկ Մարտիրոսեանի, մեկնաբանեց հայրենասիրական, աշուղական ու ժողովրդային երգերու փունջ մը, որմէ ետք Համբիկ Մարտիրոսեան յուշանուէր մը յանձնեց Ժէրար Թիւֆէնքճեանին` իբրեւ շնորհակալութիւն եւ երախտիք:

Աւարտին, սրտի խօսքով հանդէս եկաւ սրբազան հայրը, որ  գնահատեց ՀԲԸՄ-ի 120-ամեայ ազգօգուտ առաքելութիւնը` մաղթելով, որ այդ բարեգործական նպատակներու կարաւանին միանան նորեր:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հացին Երգը»-էն Դէպի Վարուժանի Անմահ Աշխարհը

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

November 14, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

«Լիբանանահայ Գիրքի Պատմական Ուղին Եւ Հրատարակչական Հոլովոյթը» Խորագիրով Կլոր-Սեղան Քննարկում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

November 14, 2026
Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ
Գաղութային

Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.