Յունիս 2026-ին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Արաբական բաց համալսարանին (Arab Open University) հետ ստորագրած էր յուշագիր մը, որուն հիման վրայ հայ ուսանողներուն համար կարելիութիւն կը ստեղծուի հետեւելու ուսման` զեղչուած կրթաթոշակներով:
Առ ի գործադրութիւն այս յուշագիրին, անցնող ամիսներուն ընթացքին, համալսարանի նոր ու հին ուսանողներ տուեալ առցանց դիմումը ներկայացուցին 2026-2027 տարեշրջանի առաջին կիսամեակին ընթացքին օգտուելու կրթաթոշակի յատուկ զեղչերէ: Բոլոր դիմած ուսանողները (23 հոգի) ստացան 25-էն 70% զեղչ, ըստ իրենց ընտանիքներուն նիւթական պայմաններուն եւ համալսարանական արդիւնքներուն:
Վերջապէս, յայտնենք, որ այս համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկայ կիսամեակին եւս եւ կարելի է դիմում կատարել այցելելով arflebanon.org/aou:


