Երկուշաբթի, 9 նոյեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, որ քննելէ ու վաւերացնելէ ետք թեմիս Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրները, շրջանաւարտ եղող զոյգ մարմիններուն տեղ ընտրեց Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան հետեւեալ կազմերը.
Կրօնական Ժողով
Արժ. Տ. Նարեկ Ա. քհնյ. Հէճինեան
Արժ. Տ. Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան
Արժ. Տ. Շնորհք քհնյ. Արթինեան
Արժ. Տ. Առաքել քհնյ. Տըմտըմեան
Արժ. Տ. Սուրէն քհնյ. Արսլանեան
Ազգային Վարչութիւն
Յակոբ Լուսարարեան
Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան
Վահրամ Պարսումեան
Յարութ Սուսանի
Րաֆֆի Սիսլեան
Հրայր Խաչատուրեան
Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան
Արծիւ Տէր Խաչատուրեան
Քրիստ Լիպարեան
Մանրամասնութիւնները` յաջորդիւ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ


