Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, ուրբաթ, 17 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թ. Ռոսլին»-ի ամավերջի աշակերտական ցուցահանդէսը` ներկայութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ խնամակալութեան անդամներու, մեծ թիւով ծնողներու եւ աշակերտներու:
Ցուցահանդէսին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ լուսարձակի տակ առաւ մարդկութեան կեանքին մէջ գեղանկարչութեան ծնունդն ու զարգացումը` դիտել տալով, որ ժողովուրդներու ծագումին զուգահեռ իր տեղն ու դերը ունեցած է գեղանկարչական արուեստը, որ ժամանակի թաւալումով տարբեր փուլերէ անցած է, բնականաբար: Ան շեշտը դրաւ նաեւ ազգային իմաստով կերպարուեստին ունեցած արժէքին եւ դերակատարութեան վրայ` դիտել տալով, որ անիկա պատմութիւն փոխանցող եղած է, հայկական իւրայատուկ արժէքներու պահպանման ձեւ հանդիսացած է եւ այսօր եւս շատ մեծ արժէք ունի մեր կեանքին մէջ: Կարպիս Գապասագալեան ծանօթացուց «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը` դիտել տալով, որ այս տարեշրջանին սկիզբը դպրոցին վարիչն էր Ռազմիկ Պերթիզլեան, որուն ճամբորդութեան պատճառով դպրոցին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Վազգէն Մուղալեան, որ մեծապէս զարկ տուաւ անոր յառաջդիմութեան եւ ազդու ներդրում ունեցաւ:
«Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի վարիչ Վազգէն Մուղալեան ներկայացուց դպրոցին գործունէութիւնը, տարուած աշխատանքները, իրականացած եւ ապագայի ծրագիրները: Ան շեշտը դրաւ մարդու կեանքին մէջ կերպարուեստի կարեւորութեան վրայ:
Աւարտին աշակերտներուն յանձնուեցան հաստատագիրներ, ուր կը նշուի իւրաքանչիւրին դասարանային կարգը: Ցուցադրուած էին որակաւոր եւ նրբաճաշակ գործեր, որոնց ընդմէջէն կարելի էր խորանալ աշակերտներուն ներաշխարհին մէջ, զգալ անոնց տաղանդն ու զգացական աշխարհը: