Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Հոգեւոր Եւ Ժողովրդային Երաժշտութեան Տօնահանդէս` Համազգայինի «Գուսան» Սենեկային Երգչախումբին Կատարողութեամբ

Յունիս 22, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kousan1_62116

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երէկ` երեքշաբթի, 21 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հոծ բազմութեան դիմաց ելոյթ ունեցաւ «Գուսան» սենեկային երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Յասմիկ Գասպարեանի:

Համերգին բացման խօսքը հայերէնով եւ անգլերէնով արտասանեց երգչախումբի անդամներէն Ժորժ Նաճարեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն համերգը կը զուգադիպի երաժշտութեան տօնին, որուն ընթացքին երաժշտութիւնը իր զանազան գոյներով, երանգներով ու ոճերով կը հրամցուի բոլորին:  «Երաժշտութեան տօնին այս համերգին կազմակերպումը պատահական չէ: Համազգայինի «Գուսան» սենեկային երգչախումբը մաս կազմելով այս երաժշտական մեծ տօնահանդէսին, կը ներկայացնէ հայկական յատուկ երգացանկ մը Կոմիտասէն, Կանաչեանէն, Տիգրանեանէն եւ այլ ժամանակակից երգահաններու խմբերգներէն», յայտնեց Նաճարեան:

Kousan2_62116

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Գուսան» երգչախումբի  2015-2016 տարեշրջանի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք յայտագիրը իր ընթացքը առնելով, երգչախումբի արական կազմը մեկնաբանեց Մեսրոպ Մաշտոցի «Ողորմեա ինձ Աստուած» եւ «Յամենայն ժամ» շարականները եւ Կոմիտաս վարդապետի «Միայն սուրբ», նաեւ «Սիրտ իմ սասանի»` մենակատարութեամբ Համազասպ Մաթոյեանի: Ապա աղջիկներու խումբը միացաւ, հնչեց Կոմիտասի «Սուրբ սուրբ»-ը, Մակար Եկմալեանի «Զարթիր որդեակ»-ը, Արէն Աւետեանի «Գացէք տեսէք»-ը եւ«Աւետիս»-ը: Լոռի Եագուպեան` շուիի եւ Կարօ Գրիգորեան` տհոլի վրայ ներկայացուցին Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայէն 2 պարեր, որմէ ետք աղջիկներու խումբը մեկնաբանեց «Անուշ»-ի Ա. գործողութեան Բ. պատկերը` ներկայացնելով «Ամպի տակից» եւ «Աղբիւրի մօտ» երգերը, մենակատարներ` Սիրան Արծրունի, Կարինէ Անդրանիկեան, Շողիկ Տիլիկոսեան, Մարալ Շաննաքեան, Ալիս Իփրաճեան: Այնուհետեւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան անզուգական մեկնաբանութեամբ երգեց նոյն օփերայէն «Ասում են ուռին», որ մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

Յայտագիրը շարունակուելով յաջորդաբար ներկայացուեցան Կոմիտասի «Ես լսեցի մի անուշ ձայն»-ը եւ «Գութաներգ»-ը, Արէն Աւետեանի «Սիրուն Մանուշակ»-ը, Գրիգոր Սիւնիի «Այ Եայլի»-ն, Կոմիտասի «Ինչո՞ւ Պինկէօլը մտար»-ը եւ «Ախ Մարալ»-ը, Մազմանեանի «Կարմիր վարդ»-ը եւ «Չախչի դռնով»-ը: Յայտագիրը հասաւ իր աւարտին Բարսեղ Կանաչեանի «Հելէ հելէ»-ով մենակատար` Յարութիւն Գալօղլեան եւ «Հոյ նար»-ով, մենակատար` Կարօ Քէլէշեան:

Երեկոյի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ բարձր գնահատեց երգչախումբի կատարումը եւ գնահատական խօսք ուղղեց խմբավարին ու երգչախումբի անդամներուն: Ան նկատել տուաւ, որ հայ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ գտնուիլը կը ջերմացնէ մթնոլորտը` աւելցնելով, որ մեր ազգային հոգեւոր երաժշտութիւնը նոր կեանք եւ ուրախութիւն կը բերէ մեզի` խանդավառութիւն պարգեւելով մեր հոգիներուն: Սրբազան հայրը մաղթեց, որ երգչախումբը յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները եւ շարունակէ այն նուիրական աշխատանքը, որուն լծուած է հաւատքով: Ան նաեւ գնահատական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինին, որ տակաւին կառչած կը մնայ այն առաքելութեան, որուն համար կեանքի կոչուած է: «Կը մաղթեմ, որ մեր ազգի հոգեւոր ժառանգութեանց նկատմամբ ընդմիշտ հաւատարիմ մնաք», եզրափակեց առաջնորդ սրբազան հայրը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ երգչախումբին ձայնագրած հայոց բանակին նուիրուած երգով, կատարողութեամբ` Շողիկ Թորոսեանի:

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան Ժողովին

Յաջորդը

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?