Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Ամավերջի Հանդէս

Յունիս 16, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 15 յունիս 2016-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան կազմակերպած «Զուարթնոց» կեդրոնի ամավերջի հանդէսը: Հանդէսին ներկայ էին Լիբանանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Պուրճ Համուտի

փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ` Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտիչեան, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր ու ծնողներ:

IMG_0899

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք աշակերտները երգեցին «Զուարթնոց» կեդրոնին քայլերգը: Խումբ մը աշակերտներ գեղեցիկ ձեւով մեկնաբանեցին «Իմ կեանքիս լոյսը» երգը, որուն յաջորդեց վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի աղօթքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ կեանք, շունչ ու առիթ պարգեւեց հաւաքուելու եւ վայելելու «Զուարթնոց»-ի մանուկներուն հանդէսը: Կեանքի դժուարութիւններուն մէջ Աստուած յոյս ու զօրութիւն կու տայ  մեր գործը, ծառայութիւնը եւ առաքելութիւնը շարունակելու, ըսաւ վեր. Մսըրլեան, ապա աւարտեց աղօթքը ըսելով. «Տէ՛ր, «Զուարթնոց» հաստատութիւնը օրհնաբեր դարձո՛ւր, անոր ներկան ու ապագան քեզի կը յանձնենք: Օրհնէ՛, որ  վստահուած առաքելութեան մէջ հաւատարիմ ու հաստատ մնայ ան»:

IMG_0908

Ուշագրաւ էին աշակերտութեան ներկայացուցած «Վերականգնում» եւ «Կանայի հարսնիքը» երկու պատկերները` Յովհաննէս Հելվաճեանի բեմադրութեամբ:

13474212_10153508769481556_527668667_nԵլոյթ ունեցաւ «Զուարթնոց» կեդրոնի վարչութեան ատենապետ Անի Պուճիքանեան: Ան ողջունեց ներկաները  եւ «Զուարթնոց»-ի վարչութեան ու տնօրէնութեան անունով  յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսութեան հովանաւոր Գէորգ եպս. Ասատուրեանին եւ «Արարատեան» սրահի վարչութեան, որոնց աջակցութեամբ կարելի եղած է իրականացնել ամավերջի այս հանդիսութիւնը: Ա. Պուճիքանեան ըսաւ, թէ համոզուած է, որ հանդիսատեսին ներկայութեան միակ դրդապատճառը աստուածային սէրը ըմբոշխնելն է: Սէր, որուն լիակատար յայտնաբերումը կարելի է զգալ միմիայն եղբայրներուն եւ քոյրերուն ծառայութեան ընդմէջէն: Ան խօսքը ուղղելով ծնողներուն ըսաւ, թէ իրենց զաւակը  վստահած են «Զուարթնոց»-ին, որպէսզի երկրորդ ընտանիքը կազմող դաստիարակչական խմբակը անոր մէջ պեղէ, յայտնաբերէ ու զարգացնէ յատուկ կարողութիւններ: Ան յայտնեց, որ դաստիարակչական ծրագիրներու խորացումին ու ընդլայնումին կողքին վարչութիւնը լուրջ աշխատանք կը տանի ունենալու աւելի յարմարաւէտ եւ դաստիարակչական կեդրոն մը` ապագայ գիշերօթիկ բաժինի հեռանկարով:

Ա. Պուճիքանեան աւարտեց իր խօսքը ըսելով.  «Մեր ձայնը կը միացնենք ձեր ծափերուն` գնահատելու «Զուարթնոց»-ի տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնը, մասնագէտները, դաստիարակչական խմբակը. կը հաւատանք, որ Աստուած պատրաստ է հրաշքներ գործելու` լաւագոյն պայմաններու տակ շարունակելու այս նուիրական աշխատանքը»:

Խօսք առաւ նաեւ «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Արաքսի Տապաղեան: Ան ըսաւ, թէ կեդրոնը առաքելութիւն է, զոր կը կատարեն ծնողները եւ դաստիարակները խոր հաւատքով: Իսկ հանդիսութիւնը արդիւնքն է մասնաւոր մասնագիտական կրթութեան եւ յատուկ հոգատարութեան, զորս կը ստանան աշակերտները եւ որոնց վրայ կ՛աւելնայ դաստիարակներուն սէրն ու գուրգուրանքը:

Արաքսի Տապաղեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «29 տարիէ ի վեր «Զուարթնոց» կեդրոնը մէկ կարեւոր բաղադրիչն է Լիբանանի հայ համայնքին, որ պայքարեցաւ 100 տարիէ ի վեր ապահովելու համար արդար ու բարօր կեանք իր զաւակներուն:

«Մեր նպատակն է ընկերային զարգացում իրականացնել` մեր զաւակները ներգրաւելով մեր հասարակութեան մէջ: Հաշմանդամութիւնը կեանքի վերջը չէ: Մեր զաւակները օժտուած են ձիրքերով ու տարբեր տեսակի շնորհներով:

Հպարտ ենք մեր հայ համայնքով` նման կեդրոն մը ունենալուն համար, որ կու տայ երիտասարդներու իրաւունքը»:

Ան կարեւոր նկատեց համագործակցութիւնը ծնողներուն հետ, որ կը դրսեւորուի դասախօսութիւններու եւ հանդիպումներու միջոցով: Իսկ խօսքի աւարտին ըսաւ. «Համոզուած, ինքնավստահ ու սիրով պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը»:

Ձեռնարկի ընթացքին աշակերտները ծաղկեփունջերով պատուեցին իրենց դաստիարակները եւ պատասխանատուները:

Գեղարուեստական յայտագիրը առաւել ճոխացաւ հայկական եւ եւրոպական պարերու բեմականացումով, ինչպէս նաեւ մարմնամարզական ձեւերու ներկայացումով: Հաճելի պատկեր էր «Մեղուներու պար» երգը:

Գեղարուեստական յայտագիրի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին աշակերտները յաջողեցան սէր ու ժպիտ սփռել բոլորին դէմքին վրայ:

IMG_0939

Ձեռնարկը փակուեցաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի խօսքով: Ան ըսաւ, որ սէրը, ժպիտը եւ ծառայութիւնը երեք յատկութիւններ են, որոնք կամաւորը ուրախ կը պահեն, որ Աստուծոյ շնորհը սրտին մէջ պահելով կը փորձէ ուրիշին օգտակար ըլլալ: Գերապայծառը աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Մենք միշտ պիտի տանք եւ շարունակենք տալ բոլոր անոնց, որոնք մեզի պէտք ունին: Հայ համայնքի պարծանքն է «Զուարթնոց» կեդրոնը, որուն կողքին ենք մենք բոլորս»:

Նախորդը

Հալէպի Մէջ Մեկնարկը Կատարուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 25-Ամեակի Ձեռնարկներուն

Յաջորդը

Օրլանտոյի Մէջ Կատարուած Յարձակումէն Ետք Թրամփի Ժողովրդականութիւնը Աճ Արձանագրած Է

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?