Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջին Հրաժեշտ` Օֆելիա Համբարձումեանին

Յունիս 17, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ofelia_61616

16 յունիսին «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ վերջին հրաժեշտ տրուեցաւ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Օֆելիա Համբարձումեանին: Երգչուհիի ընտանիքին անդամները, ընկերները, անոր արուեստով հիացած հանդիսատեսը, կատարումներով դաստիարակուած երգիչները վերջին անգամ իրենց լուռ երախտագիտութիւնն ու սէրը արտայայտեցին «Հայ երգի թագուհի»-ին:

Ժողովրդական երգարուեստի մեծ նուիրեալին վերջին հրաժեշտ տուին նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, կառավարութեան անդամները, պետական այրերը:

Երկար տարիներ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Օֆելիա Համբարձումեան բեմէն եւ պաստառէն հնչեցուց հայ ժողովրդական երգը` անոր հաղորդելով իր երանգը: Անոր երգացանկին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէին Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւնները: Հաւատարիմ հանդիսատեսը սիրելի երգչուհիին վերջին հրաժեշտ տուաւ բարձր ծափերով, իր իսկ երգի հնչիւններով:

Ofelia1_61616

«Օֆելիա Համբարձումեան հայ երգարուեստին մէջ իր տեղը ունի, մեր հայ երգի թագուհին է: Ես կը կարծեմ, թէ իր երգով, իր կատարումներով շատ-շատեր դաստիարակուած են ու պիտի դաստիարակուին», ըսած է վաստակաւոր արուեստագէտ Արսէն Գրիգորեան:

15 յունիսին Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Օֆելիա Համբարձումեանի հոգեհանգիստի արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան քաղաքական, հասարակական, մշակութային գործիչներ, հասարակ քաղաքացիներ:

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ըսաւ. «Օֆելիա Համբարձումեան առասպել է, հայ ժողովրդական, աշուղական երգերու թագուհին: Մեր արուեստի աշխարհին մէջ իսկական մեծութիւն մը կորսնցուցինք»:

Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի համաձայն, Օֆելիա Համբարձումեան աշուղական, ժողովրդական արուեստը բարձրացուց այլ մակարդակի` հասցնելով հոն, ուր պէտք է ըլլար: «Սովորաբար, երբ ոեւէ մէկուն վաստակը կ՛ուզենք գնահատել, կ՛ըսենք, որ` յատուկ դերակատարութիւն ունէր: Երբեմն նոյնիսկ ատիկա ինքնաբերաբար կ՛ըսենք, բայց Օֆելիա Համբարձումեանի պարագային ատիկա կրնանք ըսել վստահաբար եւ հաստատակամ: Ան ստեղծեց կատարողական արուեստի դպրոց մը, որմէ դեռ սերունդները կ՛օգտուին:  Մասնագէտները դեռ պիտի անդրադառնան,  Օֆելիա Համբարձումեանի կատարողական արուեստի նրբութիւններուն, երիտասարդ կատարողները դեռ պիտի օգտուին այն արուեստէն, զոր մեզի մատուցեց երգչուհին», ըսած է նախարարը:

Նախորդը

«Հալէպի Հարցով Միացեալ Նահանգներու Համբերութեան Սպառման Մասին Քերրիի Յայտարարութիւնները Զարմանք Կը Պատճառեն» Ըսաւ Լաւրով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?