Երկու օրէ ի վեր սուրիական բանակը կը ջանայ հարուածներ հասցնել Հալէպի մէջ տեղակայուած զինեալ ահաբեկչական այն խմբաւորումներուն, որոնք անընդհատ կը հրթիռակոծեն Հալէպի բնակելի թաղամասերն ու խաղաղ բնակչութիւնը:
Ահաբեկչական խմբաւորումներ համացանցային իրենց էջերով սպառնալիքներ կ՛ուղղեն բնակչութեան, թէ պիտի հրթիռակոծեն քաղաքը հարիւրէ աւելի հրթիռներով, մէկ ու միակ նպատակով` հոգեբանական ճնշում բանեցնել բնակչութեան վրայ: Ապահովական վիճակը կը շարունակէ մտահոգիչ մնալ: Համեմատաբար բարելաւուած է ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը: Հայկական գետնի վրայ, ինչպէս Սուրիոյ, այնպէս ալ հայկական վարժարաններու աշակերտներուն միջնակարգի 9-րդ կարգի պետական քննութեանց արդիւնքները հրապարակուեցան: Հայկական վարժարաններու յաջողութեան մակարդակը գնահատելի է, յատկապէս պատերազմական այսպիսի պայմաններու լոյսին տակ: