Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Կ՛ամբողջացնէ Իր Ելոյթին Նախապատրաստական Փորձերը

June 18, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kousan1_61716

Երեքշաբթի, 21 յունիս 2016-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր տարեկան համերգով ելոյթ պիտի ունենայ Համազգայինի «Գուսան» սենեկային երգչախումբը. խմբավարութեամբ` Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Յասմիկ Գասպարեանի: Ձեռնարկը կը վայելէ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած է Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ:

Նախքան համերգը, երէկ երեկոյեան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երգչախումբին նախավերջին փորձը: «Ազդակ» ներկայ գտնուեցաւ փորձին եւ համերգի ու երգչախումբի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով զրուցեց խմբավար Գրիգոր Ալոզեանի հետ: Ալոզեան նկատել տուաւ, որ իրենց աշխատանքային տարեշրջանը չ՛ամբողջանար տարեկան համերգով` աւելցնելով, որ ամրան ընթացքին երգչախումբը կը շարունակէ իր փորձերը` անշուշտ նուազ հերթականութեամբ, եւ դարձեալ հանդէս կու գայ համերգով:

Kousan2_61716

Խօսելով երգչախումբին ունեցած աշխատանքային գործունէութեան մասին` Ալոզեան թուեց երեք կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնք տեղի ունեցած են համերգներու կողքին: Ա) Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած Սեդա Կանաչեանի հրաժեշտի երեկոյին մասնակցութիւն, ուր երգչախումբը մեկնաբանած է Բարսեղ Կանաչեանի շարք մը խմբերգներ: Ան նկատել տուաւ, որ «Գուսան» երգչախումբի հիմնադիրը եղած է Կոմիտաս, սակայն աշխատանքը շարունակած է Բարսեղ Կանաչեան: Հետեւաբար երգչախումբի երգացանկը անպայման կ՛ընդգրկէ Կոմիտասի եւ Բարսեղ Կանաչեանի գործերէն: Բ) Գործակցաբար Համազգայինի եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով երգչախումբը պատրաստած է տեսերիզ մը «Աւետիս» խորագիրով, որ կ՛ընդգրկէ շարք մը ժողովրդական աւետիսներու, որոնք կ՛երգուին մեր աւանդական գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ` աւետելով Քրիստոսի ծնունդը: Ալոզեան յայտնեց, որ երաժիշտ Արեն Աւետեան այդ շարքը վերածած է բազմաձայնի` երգչախումբին համար եւ Ս. Ծննդեան առիթով արձանագրուած ու սփռուած է լիբանանեան պատկերասփիւռի բոլոր կայաններէն: Գ) Նորվեկեան ընկերութեան կողմէ Մեսրոպ Մաշտոցի ապաշխարութեան 2 շարականներու ձայնագրում` Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ,  երգչախումբի արական կազմին կատարողութեամբ: Ալոզեան բացատրեց, թէ սոյն ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը  բերին քրիստոնեայ եկեղեցիներ, որոնք ներկայացուցին շարք մը իրենց աւանդական շարականներէն:

Ալոզեան նաեւ յայտնեց, թէ այս տարի երգչախումբը  ձայնագրած  է հայոց բանակին նուիրուած երգ մը, մենակատարութեամբ` Շողիկ Թորոսեանի, մասնակցութեամբ` երգչախումբի տղոց, եւ այդ երգը ներկայացուած է Արցախեան ազատագրական պայքարի 28-ամեակին նուիրուած երեկոյին:

Անդրադառնալով համերգի ծրագիրին` Ալոզեան ըսաւ, որ երգացանկը կը  ներառէ աւանդական բաժին եւ նոր երգեր: Կոմիտասի շարքին վրայ աւելցած են 3 նոր խմբերգներ, ինչպէս նաեւ  Բարսեղ Կանաչեանի խմբերգներէն: Ասոնց կողքին պիտի ներկայացուին ժամանակակից 2 խմբերգներ, նաեւ Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայէն հատուած մը` կատարողութեամբ աղջիկներու խումբին:

Խօսելով երգչախումբի հաւաքական աշխատանքին մասին` Ալոզեան նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր անդամ ունի իր ներդրումը այդ հաւաքական աշխատանքին մէջ` աւելցնելով, որ փորձերը իրար քով գալու եւ զիրար վայելելու առիթ կը ստեղծեն: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց անցեալին երգչախմբային արուեստին ունեցած դերակատարութիւնը հայկական երաժշտութեան մէջ` շեշտելով, որ իբրեւ Համազգային այդ առաքելութիւնը պէտք է շարունակել:

 

Նախորդը

Արխիւային Ռազմավարութիւն

Յաջորդը

Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Ամավերջի Աշակերտական Ցուցահանդէս

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.