Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբը 3, 4, 5 յունիսին «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ իր ունեցած յաջող ելոյթներէն ետք, որոնք աննախընթաց երեւոյթ ստացան երբ յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը եւ նուագախումբը` գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան, երէկ` կիրակի, 17 յուլիս 2016-ին մեկնեցաւ Հայաստան մասնակցելու «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնի բացման հանդիսութեան: «Քնար» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է Յովհաննէս Խաչիկեան, իսկ պարուսոյցը` Գարիկ Խաչիկեան:
Արդարեւ, 22 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնի բացման հանդիսութիւնը, որուն «Քնար» պարախումբը պիտի բերէ իր մասնակցութիւնը: Այս տարուան փառատօնը նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին:
«Իմ Հայաստան» փառատօնին նպատակն է Հայաստան-սփիւռք կապերու եւ համագործակցութեան ընդլայնում, հայ մշակոյթի եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման նպաստել, աջակցութիւն` Հայաստան- Արցախ-սփիւռք կապերու ամրապնդման ու զարգացման, համագործակցութեան նոր միջոցներ գտնել, Հայաստանի եւ սփիւռքի երիտասարդ ստեղծագործներու միջեւ մշակութային կապերու խորացում, միացեալ ծրագիրներու մշակում: Այս բոլորը պիտի ծառայեն ժամանակակից հայ արուեստի զարգացման ու տարածման, մշակոյթի ծիրին մէջ համահայկական մասնագիտական ներուժի յայտնաբերման եւ համախմբման:
Հարկ է նշել, որ 21 յուլիսին «Յակոբ Պարոնեան» սրահին մէջ պարախումբը հանդէս պիտի գայ նաեւ յատուկ ելոյթով: Յայտագիրին կարգ մը պարերով պիտի մասնակցին Ֆիլատելֆիոյ եւ Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի պարախումբերը: