Քանի մը օր առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Սարգիս Կիրակոսեանի «Կարծես երազ մը ըլլար» քնարավէպը, հրատարակութիւն` Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի, թիւ 85 հատորը (325 էջ): Սարգիս Կիրակոսեանի այս անտիպ երկին հրատարակութիւնը կը զուգադիպի հեղինակին անժամանակ մահուան Ա. տարելիցին: Հրատարակութեան խմբագիրն է Կարօ Յովհաննէսեան: