Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու ընկերային յանձնախումբին, կիրակի, 17 յուլիս 2016-ին 95 կրտսեր պատանիներ անցուցին արկածախնդրական օր մը Պզըպտինի մէջ գտնուող «Նեյչըր լենտ» խաղավայրին մէջ: Սոյն նախաձեռնութիւնը` իբրեւ համալրում Ընդհանուր վարիչ մարմինի Դաստիարակչական նպատակներուն, առիթ կը հանդիսանայ պատանին աւելի մօտեցնելու բնութեան, անոր մէջ արթնցնելով առողջ մարմին մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ զարգացնելով ընկերասիրութեան եւ չարքաշութեան արժանիքները:
Այսպէս, պատանիները խումբերու դրութեամբ հերթաբար մասնակցեցան արկածախնդրական եւ չարքաշութիւնը քաջալերող հետաքրքրական մարզական խաղերու, ինչպէս մագլցեցան, պարաններու ու անիւներու վրայէն քալեցին եւ կատարեցին այլ խաղեր:
Միասնաբար ճաշելէ ետք պատանիները արշաւեցին շրջանի անտառին մէջ, ապա տուն վերադարձան ուրախ տրամադրութեամբ ու հաճելի տպաւորութիւններով, յաջորդող շաբաթներուն Ընդհանուր վարիչ մարմնին կազմակերպած տարեկան բանակումին դարձեալ հանդիպելու խոստումներով: