ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի ծրագիրի հիմնական առանցքը կազդուրման կայանն է, որ կը միտի պատրաստել առողջ միտք, հոգի եւ մարմին, 6-12 տարեկան պատանիներու եւ պարմանուհիներու համար, որոնք արհեստավարժ պատասխանատուներու հսկողութեամբ կը հետեւին դաստիարակչական, ընկերային եւ մարզական աշխատանքներու:
Կազդուրման կայանը այս տարի ընթացք առաւ երկուշաբթի, 25 յուլիս 2016-ին, Այնճարի շրջանի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանի շէնքին մէջ:
41 փոքրիկներ, 4 օգնականներու եւ պատասխանատուի մը ընկերակցութեամբ, երեք շաբաթներու տեւողութեան միասնաբար պիտի հետեւին կազդուրման կայանի ծրագիրին` մօտէն ծանօթանալու իրարու եւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան. հաճելի ժամեր անցընելով եւ օգտուելով Այնճարի կլիմայէն` անոնք կազդուրուած պիտի վերադառնան իրենց բնակարանները 15 օգոստոս 2016-ին:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ