Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը կը պատրաստուի գումարել 11-րդ համաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 5-8 սեպտեմբեր 2016-ին, Ամմանի մէջ, Յորդանան: Նախապատրաստական աշխատանքերու վերջին ժողովը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանի ժողովասրահին մէջ: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` իբրեւ խորհուրդի նախագահներէն մին, նախագահեց այս կարեւոր ժողովին, որուն ընթացքին վերջնականացուեցաւ համաժողովի օրակարգը եւ արծարծուեցան կազմակերպչական այլ անհրաժեշտ հարցեր: Ժողովին ներկայ էին խորհուրդի անդամ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, ընդհանուր քարտուղար դոկտ. հայր Միշել Ժալըխ եւ խորհուրդի կարեւոր բաժանմունքներու պատասխանատուները:
Վեհափառ հայրապետը ժողովին բացումը աղօթքով կատարելէ ետք, բարի գալուստ մաղթեց ժողովականներուն: Ան նշեց, որ խորհուրդին այս համաժողովը անկիւնադարձային է` նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերը եւ յատկապէս քրիստոնեաներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները շրջանին մէջ: Ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ խորհուրդի անդամ բոլոր եկեղեցիները ամէնէն բարձր մակարդակի ներկայացուցիչներով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն համաժողովին: Ժողովականները այս երեւոյթը դրական նկատեցին եւ գնահատեցին ընդհանուր քարտուղարին եւ խորհուրդի պաշտօնէութեան տարած աշխատանքը:
Ժողովէն ետք մասնակիցները վեհափառ հայրապետին ճաշի հիւրը եղան: