Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանի հայ համայնքները ուրախութեան ու յուզումի պահեր ապրեցան, երբ դիմաւորեցին Արամ Ա. կաթողիկոսը, 28-29 յուլիս 2016-ին: Արդարեւ, Սուրիոյ պատերազմին ստեղծած բոլորին ծանօթ պատճառներով, Սուրիոյ հայ գաղութը դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ: Վեհափառ հայրապետը զանազան առիթներով կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին գործնապէս իր զօրակցութիւնը յայտնելու Սուրիոյ հայութեան: Ընդառաջելով վեհափառ հայրապետին կոչերուն հանգանակութիւններ կատարուեցան գաղութներուն մէջ եւ Կիլիկեան Ս. աթոռին ճամբով փոխանցուեցան ժողովուրդի զաւակներուն` առանց որեւէ խտրականութեան: Ազգային առաջնորդարանը, համագործակցութեամբ քոյր համայնքներուն եւ կազմակերպութիւններուն, օգտակար հանդիսացաւ ժողովուրդի անմիջական կարիքներուն: Այս աշխատանքները կը շարունակուին կազմակերպ ու միասնական ոգիով: Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայ այցելութիւնը եկաւ ամոքելու Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ բնակող կամ ապաստանած հայ ժողովուրդի զաւակներուն կոտտացող ցաւերը, գօտեպնդելու զիրենք եւ յոյսի նոր հորիզոններ բանալու անոնց առջեւ:
Հինգշաբթի, 28 յուլիս 2016-ի առաւօտուն, վեհափառ հայրապետն եւ իրեն ընկերակցող շքախումբի անդամները` կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական եւ լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ Արա Տեմիրճեան եւ Ճորճ Շահինեան, հասան Լիբանան-Սուրիա սահմանը, ուր դիմաւորուեցան Բերիոյ թեմի հայոց առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Սուրիոյ Թարթուս նահանգի կուսակալի ներկայացուցիչին, պետական ու զինուորական անձնաւորութիւններու, Ազգային վարչութեան եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Արամ Ա. կաթողիկոս նախ այցելեց Լաթաքիա: Նախապէս անդրադարձած ենք սոյն այցելութեան:
Քեսապ
Արամ Ա. կաթողիկոս իր շքախումբին ընկերակցութեամբ 28 յուլիսին Լաթաքիայէն մեկնեցաւ Քեսապի հայկական պատմական աւանը: Եկեղեցւոյ մուտքին վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ քահանայ հայրերուն, դպրաց դասուն եւ ժողովուրդին կողմէ: «Կանոնական» աղօթքէն ետք, Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին եւ հրաւիրեց զայն փոխանցելու իր պատգամը: «Ձեր ներկայութիւնը այսօր Քեսապի մէջ, ինքնին հզօր պատգամ մըն է ուղղուած նախ եւ առաջ այս սահմանէն անդին գտնուող ցեղասպան թուրքին, որ կարելի չէ զինուորական միջամտութեամբ, կամ այլ տեսակի սադրանքներով եւ չարամիտ մօտեցումներով քանդել մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքը, խորտակել մեր ժողովուրդի միասնական հաւատքը եւ ամուր կապուածութիւնը իր գիւղին, իր տան, իր հողին եւ իր իրաւունքներուն», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Խօսքը ուղղելով Սուրիոյ հայութեան` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Իմ գնահատանքս բոլորին` Քեսապի, Հալէպի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի, Դամասկոսի եւ Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ գործող բոլոր կառոյցներուն: Ես Սուրիոյ հայութեան կը նայիմ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Նաեւ իմ գնահատանքս մեր քոյր համայնքներուն` կաթողիկէ եւ աւետարանական, մենք նոյն արմատները ունինք, նոյն արժէքներուն կը հաւատանք եւ պահանջատիրական նոյն պայքարին լծուած ենք: Հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ մենք պէտք է միշտ իրարու օգտակար ըլլանք: Ջերմօրէն կ՛ողջունեմ այս միասնականութիւնը եւ փափաքս է, որ նոյն այս ոգիով շարունակէք Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքները»: Խօսքը ուղղելով Քեսապի հայութեան` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Սիրելի՛ քեսապցիներ. մի՛ վախնաք: Քրիստոս փոթորիկին մէջ մնացած աշակերտներուն ըսաւ` մի՛ վախնաք, այլ միայն հաւատացէք: Ձեր հաւատքին միացնելով ձեր կամքը, ձեր սէրը, ձեր միասնականութիւնը: Քեսապը պահեցէք, Քեսապը ամրացուցէք, Քեսապը ծաղկեցուցէք: Ա՛յս է իմ պատգամս ձեզի, ինչպէս նաեւ Քեսապի ամբողջ սփիւռքին: Քեսապը պիտի մնայ իբրեւ հայութեամբ տրոփող, հայութեամբ շնչող, հայութեամբ պայքարող հայկական աւան, այս լեռներուն վրայ թառած»:
Անդրադառնալով առաջնորդ սրբազանին տարած աշխատանքին` վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց ըսելով, թէ «սրբազանը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայական բարձր սկզբունքներով եւ անթիլիասական ոգիով գործեց ու պիտի շարունակէ գործել եւ ծաղկուն պահել մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը Բերիոյ Թեմին մէջ: Մենք իբրեւ եկեղեցականներ մեր ժողովուրդին հետ պէտք է ըլլանք ինչ ալ ըլլան պայմանները, յատկապէս երբ մեր ժողովուրդի զաւակները դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, եւ դուք կը վկայէք, թէ մեր եկեղեցականները, Շահան սրբազանին առաջնորդութեամբ, այս գիտակցութեամբ կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը»: Աւարտին ներկաները աջահամբոյրով ստացան Հայրապետական օրհնութիւն:
Նոյն օրը երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը այցելեց Հալէպէն ամարանոց բարձրացած Ազգային առաջնորդարանի պատսպարանի երեխաներուն եւ Սուրիոյ երիտասարդներու բանակումին: Երիտասարդներուն ուղղած իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը քաջալերեց անոնց պատրաստակամութիւնը ծառայելու հայ ժողովուրդին եւ կերտելու անոր պայծառ ապագան:
Աւելի ուշ, Քեսապի մէջ գործող զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան հետ վեհափառ հայրապետը ընթրիք մը ունեցաւ: Արտակ վրդ. Արապեան, որ իբրեւ այցելու քարոզիչ կը ծառայէ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանի զանազան համայնքներուն, թարգմանը հանդիսացաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Քեսապի մէջ գործող զանազան միութեանց եւ արտասանեց սրտի իր խօսքը: Ընթրիքի ընթացքին վեհափառ հայրապետը ականջալուր դարձաւ շրջանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ իր հայրական յորդորները տուաւ ու քաջալեր հանդիսացաւ, որ նոր ծրագիրներ ձեռնարկուին:
Թարթուս
Ուրբաթ, 29 յուլիս 2016-ին, վեհափառ հայրապետը Քեսապէն մեկնեցաւ Թարթուս քաղաքը, ուր Սուրիոյ պատերազմի պատճառով ապաստան գտած են բազմահարիւր հայ ընտանիքներ: Սուրբ Դանիէլ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մուտքին, Արամ Ա. կաթողիկոս դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Արսէնիոս Լահհամի, Թարթուսի ու շրջակայ քաղաքներուն մէջ ապաստանած սուրիահայերուն հոգեւոր մատակարարում կատարող Եզնիկ քհնյ. Զղջանեանի ու հայրապետին դիմաւորութեան եկած հայ ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ: Վեհափառ հայրապետը «Հրաշափառ»-ով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ դասը, ուր կատարուեցաւ «Կանոնական» աղօթք: Առաջնորդ սրբազանը բացատրութիւն տուաւ նորակազմ այս ծխական համայնքին մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին այցելութեան համար:
Վեհափառ հայրապետը նախ գնահատեց Շահան սրբազանը, Ազգային իշխանութիւնը եւ ազգային կառոյցները, որոնք անտէր չեն ձգեր ժողովուրդը եւ նոր ծրագիրներ կը մշակեն Սուրիոյ ծովափի զանազան շրջաններուն մէջ ապաստանած սուրիահայերուն համար:
Իր խօսքը ժողովուրդին ուղղելով Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, որ «անցնող շուրջ հինգ տարիներուն ընթացքին ես ձեզի հետ եղայ աղօթքով եւ հոգեւոր խորհրդածութեամբ: Առաջնորդ սրբազանը եւ մեր ժողովականները մնայուն կերպով զիս տեղեակ պահեցին, թէ մեր ժողովուրդի զաւակները ի՞նչ դժուարութիւններու մատնուեցան Սուրիոյ մէջ: Նոյն երկրին մէջ սուրիացի ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդը դարձան գաղթական: Հալէպէն, Ռաքքայէն, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Հասաքէէն, Տէր Զօրէն, Եագուպիէէն, Ղընեմիէէն, Արամոյէն եւ այլ շրջաններէ եկաք այստեղ պայմաններու պարտադրանքով: Ձեր երախտագիտութիւնը Հայոց ցեղասպանութենէն ետք եղբայրական սիրով ձեզ ընդունած սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ միշտ մնաց ամուր: Ձեր հաւատարմութիւնը Հայաստանին, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգային արժէքներուն եւ ձգտումներուն երբեք ստուեր չտեսաւ, եւ ճիշդ անոր համար ես կը գնահատեմ ձեզ»: Ընդհատելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեց աշուղական երգին բառերը. «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան, վհատելու չէ, վերջ կ՛ունենան, կու գան ու կ՛երթան. Դառն ցաւերը մարդու վերա չեն մնայ երկար», եւ հրաւիրեց դպրեվանքի տեսուչ հայր Թորգոմը, որպէսզի մեկնաբանէ Աշուղ Ջիւանիի այս երգը: «Ինչպէս քիչ առաջ սրբազանը ըսաւ, այստեղ եւս շուտով եկեղեցի պիտի շինէք, ձեր ազգային-եկեղեցական կեանքը պիտի կազմակերպէք: Այսպէս եղած է մեր ժողովուրդը. կեանքի ամէնէն դժուար պայմաններուն իսկ վարժուած ենք, ուրիշներ քանդած են, մենք վերաշինած. ուրիշներ մահ սփռած են, մենք կեանքին կառչած ենք: Հետեւաբար, ես այսօր ուրախ եմ, որ ինչպէս Քեսապի եւ Լաթաքիոյ մէջ, այստեղ եւս մեր ժողովուրդին դէմքերուն վրայ ժպիտ կը տեսնեմ: Ես կը սպասեմ, որ այս ժպիտը աւելի ծաղկի եւ մնայուն ըլլայ ձեր դէմքերուն վրայ», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:
Վեհափառ հայրապետի յուսադրիչ խօսքէն ետք կատարուեցաւ աջահամբոյր: Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ մտերմիկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ եւ ներկաները իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ իր կարգին զիրենք քաջալերեց կառչած մնալու իրենց եկեղեցական ու ազգային արժէքներուն: Յուզումնալից մթնոլորտին մէջ խմբային երգեր կատարուեցան, ազգային երգեր երգուեցան ու ասմունքներ արտասանուեցան` վստահեցնելով վեհափառ հայրապետին, թէ նորահաստատ այս համայնքը պիտի շարունակէ վառ պահել իր ազգային-եկեղեցական արժէքները:
Վեհափառ հայրապետին հովուապետական յաջորդ այցելութիւնները պիտի ընդգրկեն Հալէպը, Դամասկոսը, Գամիշլին եւ Սուրիոյ այլ շրջանները: