Ուրբաթ, 2 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Իպրահիմ Շամսէտտինը: Յայտնենք, որ ան Լիբանանի շիի համայնքի հանգուցեալ համայնքապետ Մոհամետ Մեհտի Շամսէտտինի զաւակն է:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ ընդհանուր վերարժեւորում մը կատարուի ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորապէս Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու քաղաքական հորիզոնին վրայ յայտնուող նոր զարգացումներուն շուրջ: Նաեւ անդրադարձ եղաւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Ամմանի մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովին, որուն գլխաւոր պատգամախօսը պիտի ըլլայ վեհափառ հայրապետը: