Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, երէկ` ուրբաթ, 2 սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աբրահամ Աշճեան» ուսանողական-երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատագրական պայքարի հերոսներէն Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան յիշատակի երեկոյ` Ջուլհաճեան ընտանիքի անդամներուն ներկայութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կողմէ խօսք առաւ Նանոր Պալապանեան: Պալապանեան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ Մհեր Ջուլհաճեանի հաւատացած «Դէպի երկիր» գաղափարին` նշելով, որ Ջուլհաճեան այդ գաղափարէն մեկնած կը լքէ իր տունը, ընտանիքն ու հարազատները եւ կը հաստատուի Հայաստան: Պալապանեան աւելցուց, որ Մհեր Ջուլհաճեան քաջ գիտէր, թէ հայրենի հողը կարիքը ունէր իրեն նման խիզախ ու առիւծասիրտ երիտասարդներու, ան կը հաւատար, որ օտար հողը անկայուն է, փոխարինելի չէր հայրենի հողով, եւ հոն ապրիլն ու գործելը իր նպատակին պիտի չծառայէր: Նանոր Պալապանեան ըսաւ, որ այսօր, 23 տարիներ ետք կը խոնարհինք ընկեր Մհերի յիշատակին դիմաց. անոր յիշատակը միշտ անմար կը մնայ մեր սրտերուն մէջ եւ միայն 23 օգոստոսին համեստ ձեռնարկներու եւ հոգեհանգիստներու ընթացքին չէ, որ կը յիշենք զայն: Պալապանեան շեշտեց, որ իւրաքանչիւրս պէտք է ըլլայ «Առիւծ Մհեր»-ի ժառանգորդը. անոր առաքինի գործունէութիւնը օրինակ պէտք է ըլլայ, եւ ինչպէս որ նահատակ հերոսը կ՛ըսէր` «պէտք չէ ըլլանք դիտող կամ պարզ ամբոխ, պատեհապաշտ այս կամ այն առիթներու եւ շահերու զոհ»: Պալապանեան նաեւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին եւ ըսաւ, որ այդ անկախութիւնը կը պարտինք Մհեր Ջուլհաճեանի նման խիզախ հերոսներու, որոնք իրենց կեանքն իսկ չխնայեցին հայրենիքի ազատութեան համար:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ երկու տեսերիզներու ցուցադրութիւն, առաջինը կ՛անդրադառնար Մհեր Ջուլհաճեանի կեանքին, իսկ երկրորդը` 2016-ի ապրիլին արցախեան քառօրեայ պատերազմին:
Տեսերիզներու ցուցադրութենէն ետք, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան խօսքը արտասանեց Հրակ Աւետանեան: Ողջունելէ ետք ներկաները` Աւետանեան ըսաւ, որ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութիւնը յիշատակելէ անդին այս հաւաքը պէտք է ծառայէ վերանորոգելու մեր ուխտը, հաւաքաբար շարունակելու մեր նուիրուածութիւնը եւ խմբովին հաստատելու մեր անձնազոհութիւնը` ի նպաստ Հայ դատին ու հայութեան: Աւետանեան անդրադառնալով օրուան թուականի խորհրդանշական իմաստին` Արցախի անկախութեան հռչակման, ըսաւ. «Այս հռչակումով` համայն հայութիւնը ապրեցաւ իր նորագոյն մայիս 28-ն, իր պանծալի յաղթանակը: Եւ բնականաբար սեպտեմբեր 2-ի անկախութիւնը չէր իրականանար առանց Մհերին եւ իր ընկերներուն մղած պայքարին եւ նուիրումին»: Հրակ Աւետանեան ըսաւ, որ Մարտունին, Մարտակերտը, Շուշին եւ Կովսականը այսօր դարձած են մեր հերոսութեան նոր մայրաքաղաքները, եւ ասիկա անգամ մը եւս փաստուեցաւ ապրիլ 2016-ին` Արցախի դէմ շղթայազերծուած ազրպէյճանական ոտնձգութիւններուն կասեցումով, ուր թշնամիին բանակը ստացաւ իր համապատասխան հարուածը:
Հրակ Աւետանեան իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ Արցախի բանակին, ան ըսաւ, որ Արցախի բանակը այսօր կը շարունակէ հայազգի հերոսներու սուրբ գործը եւ իր կողքին ունի յեղափոխաշունչ ժողովուրդ եւ ամբողջ սփիւռք մը, որ արեան գնով պատրաստ է օժանդակելու հայրենիքի պաշտպանութեան, Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ պետականութեան հաստատման, եւ այս նուիրումը մենք` իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, շատոնց արդէն փաստած ենք: Աւետանեան ըսաւ, որ Մհեր Ջուլհաճեանի տիպարը դարձաւ օրինակ ԼԵՄ-ական եւ ԶՈՄ-ական իրերայաջորդ սերունդներուն, այդ սերունդները Մհեր Ջուլհաճեանէն ժառանգեցին շարք մը դաշնակցական արժէքներ:
Աւետանեան անդրադարձաւ երեք արժէքներու` զոհողութիւն, գաղափարապաշտութիւն եւ բարոյականութիւն: Ան ըսաւ, որ Մհերն ու իր ընկերները գծեցին զոհողութեան նոր հորիզոն մը, սակայն այդ զոհողութեան դիմաց մենք մեր իրականութեան մէջ այսօր կը գտնենք այլ երեւոյթներ: Ինչ կը վերաբերի գաղափարապաշտութեան, Աւետանեան ըսաւ. «Իբրեւ դաշնակցական երիտասարդութիւն մեր քայլերն ու որոշումները պէտք է բխած ըլլան մեր գաղափարաբանութենէն: Պէտք չէ սարսափինք ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ յառաջդիմական ըլլալէ: Պէտք է յառաջացնել քաղաքական եւ քննական միտք, որովհետեւ գաղափարական երիտասարդութիւն ունենալ կը նշանակէ ամուր երիտասարդութիւն, եւ ուրեմն` ամուր ապագայ ունենալ»: Վերջապէս, բարոյականութեան գծով Աւետանեան շեշտեց, որ Մհեր Ջուլհաճեանի տիպարէն պէտք է ժառանգել բարոյականութիւն, պէտք է գիտակցիլ, որ անբարոները, գողերը, անսկզբունքներն ու անողնայարները եւ ամօթը անամօթէն չզանազանողները տեղ չունին մեր մէջ: Ան ըսաւ, որ պէտք է ըլլալ վճռական անարդարութեան, փտածութեան եւ բռնատիրութեան դէմ պայքարին մէջ եւ պէտք չէ վախնալ ճշմարտութիւնը ըսելէ, որքան ալ ծանր ըլլայ իրականութիւնը: Հրակ Աւետանեան իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ տողերով. «Մհերներու ճամբով մենք կը շարունակենք մեր պայքարը ամէն տեսակի թշնամիներուն դէմ: Մհերի նահատակութիւնը մեր վրայ պարտք կը դնէ շարունակելու իր գաղափարապաշտութիւնն ու պատգամը` ներկայ պայմաններուն համաձայն, շարունակելու իր մղած պայքարը` մերօրեայ զէնքերով եւ միջոցներով»:
ՀՅԴ ԶՈՄ-ի խօսքէն ետք ասմունքով հանդէս եկաւ Յովիկ Սասունեան, ապա ձեռնարկին աւարտին ներկաները երգեցին «Վէրքերով լի»-ն: