Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 2 սեպտեմբերին, նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ միասին, մասնակցած է Շուշիի ուսանողական հանրակացարանի բացման արարողութեան:
Շուշիի արհեստագիտական համալսարանի, Հայաստանի ազգային գիւղատնտեսական համալսարանի Շուշիի մասնաճիւղի եւ Եզնիկ Մոզիեան արհեստագործական ուսումնարանի ուսանողներուն համար նախատեսուած հանրակացարանի շէնքի կառուցումը կարելի դարձած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ լիբանանահայ Նազարեաններու ընտանիքի միացեալ ֆինանսաւորումով: