Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական պաշտօնագիրով դպրեվանքի տեսուչ նշանակեց միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Պօղոս վրդ. Թինքճեանը: Հայր սուրբը անցնող տարիներուն Լոս Անճելըսի «Ֆուլըր» համալսարանին մէջ հետեւեցաւ աստուածաբանական ուսման եւ ստացաւ աստուածաբանութեան մագիստրոսի վկայական: Անցնող տարեշրջանին հայր Պօղոս դպրեվանքին մէջ ծառայեց իբրեւ փոխտեսուչ:
Այս առիթով յայտնենք, որ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տoնոյեան, որ վերջին երկու տարիներուն կը վարէր դպրեվանքի տեսուչի պաշտօնը, վեհափառ հայրապետին տնօրինութեամբ յառաջիկայ շաբաթ պիտի մեկնի Անգլիա, ուր պիտի հետեւի խտացեալ դասընթացքի, որմէ ետք ան պիտի լծուի թեմական ծառայութեան: