«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ օրեր առաջ անհետացած սուրիական բանակի հայ զինուորական ծառայող Յարութ Մանուկ Պաղտոյեան (1992-ի ծնունդ) նահատակուած է: Պաղտոյեան նահատակուած է Հալէպի հարաւարեւմտեան շրջանի մարտերուն ընթացքին: Նահատակ հայորդիին դիակը ծնողքին պիտի յանձնուի այսօր առաւօտեան: