
22 սեպտեմբերի Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին կից հասարակական խորհուրդին նիստը:
Օրակարգի առաջին հարցը կը վերաբերէր «Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան 2016-ի ծրագիրներուն` Սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն»
հայրենաճանաչութեան ծրագիրին, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի կատարման արդիւնքներուն. այս բոլորին մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան: Անդրադառնալով «Արի տուն» ծրագիրին` զեկուցողը նշեց, որ անիկա ապագային միտուած ծրագիր է, իւրայատուկ ներդրում է սփիւռքի երիտասարդութեան հայրենաճանաչութեան, հայադարձութեան առումով, որուն արդիւնքները աւելի ամբողջական ի յայտ կու գան 10-20 տարի ետք: Ֆ. Զաքարեանը կարեւոր նկատեց նաեւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագիրը, որ կարելիութիւն կու տայ սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն ամրան ամիսներուն հայրենիքի մէջ հայերէն սորվելու, մայրենի լեզուի, հայոց պատմութեան դասեր առնելու, ինչպէս նաեւ` երգ ու պարի ուսուցիչներուն, լրագրողներուն, առաջնորդներուն, համայնքային գործի կազմակերպիչներուն կատարելագործուելու: Զեկուցողը կարեւոր նկատեց նաեւ «Իմ Հայաստան» փառատօնը, որուն կը մասնակցին սփիւռքեան երգչախումբեր, պարախումբեր, անհատ կատարողներ, ասմունքողներ, հայկական նուագարաններու եւ տուտուկի վարպետներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուց «Հայերուն վիճակը աշխարհին մէջ» զեկուցումը, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ այնպիսի հրատապ հիմնախնդիրներու, օրինակ` Հայկական սփիւռքը եւ շրջանային առանձնայատկութիւններու ազդեցութիւնը, հայ ինքնութեան պահպանման հետ առնչութիւն ունեցող մարտահրաւէրները, Թուրքիոյ հայ համայնքի, իսլամացուած հայերու, սուրիահայերու խնդիրները, հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ներկայ վիճակը եւ այլն: Կարեւոր նկատուեցան սփիւռքի կառուցուածքային միաւորումներու, համահայկական, հոգեւոր, մասնագիտական եւ տեղական կառոյցներու դերակատարութիւնը, սփիւռքեան լրատուամիջոցներու, լոպիինկի կառոյցներու, հայրենիք-սփիւռք առնչութիւններու զարգացման, հայրենիքի մէջ սփիւռքի ներդրման հեռանկարները:
Ներկայացուեցան պետական քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքներն ու ուղղութիւնները, նախանշուեցան կատարուելիքները:
Իր զեկուցումին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը նշեց. «Համաշխարհայնացման զուգահեռ` աշխարհը, ընդունուած է ըսել, որ կը սփիւռքանայ: Ըստ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տուեալներուն, տարբեր երկիրներ եւ յատկապէս` Արեւմուտք գաղթողներուն թիւը 2015-ին հասած է 244 միլիոնի, որ 71 միլիոնով աւելի է համեմատած 2000-ի տուեալներուն: Նման տեղաշարժերու պայմաններուն մէջ կառուցուածքային լուրջ փոփոխութիւններ կը կրէ նաեւ հայկական սփիւռքը, որ իր հազարաւոր կազմակերպութիւններով եւ հայ եկեղեցւոյ կառոյցներով կը ջանայ լուծել հայապահպանութեան խնդիրները, նպաստել Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններու զարգացման:
Ինչպէս նշած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը` «Մենք երկու գլխաւոր արժէք ունինք` հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը: Անոնք աւելի բարձր պէտք է ըլլան մեր միւս բոլոր արժէքներէն: Եւ մեր բոլոր քայլերը, որոշումներն ու վարքն ամբողջութեամբ պիտի բխին այս երկու արժէքներէն»:
Զեկուցումէն ետք ուղղուեցան հարցումներ եւ ներկայացուեցան առաջարկներ: Ամփոփելով հասարակական խորհուրդի նիստը` Հրանուշ Յակոբեան շեշտեց, որ ընելիքներ շատ կան, սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան նպաստող առաջնահերթ խնդիրներէն մէկն ալ հպարտ, յաղթող հայու կերպարի կերտումն է: