Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամուտին Առիթով Շահէ Եպս. Փանոսեան Այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Եւ Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Վարժարանները

Սեպտեմբեր 23, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարժարաններու վերամուտը սկսաւ երէկ` հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2016-ին, ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի  մը մէջ:

Առաւօտեան բոլոր Ազգային վարժարաններու աշակերտները վերամուտի առիթով ստացան հաղորդութիւն:

veramoud3_92216

Աշակերտութեան բարի եւ արդիւնաբեր վերամուտ մաղթելու նպատակով, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան եւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճները:

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ վերամուտի առիթով պատրաստուած էր պատշաճ յայտագիր մը: 9-րդ դասարանի աշակերտ Կալի Աւագեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ անգամ մը եւս հաւաքուած են իբրեւ աշակերտներ վերանորոգելու հայ մնալու ուխտը: Ան բախտաւորութիւն նկատեց, որ ունին գիտակից ծնողներ, որոնք զիրենք կ՛ուղարկեն հայկական դպրոց, որպէսզի չտարուին ձուլումի հոսանքէն, որ վերջերս կը կլանէ շատեր: Ան հաստատեց, որ բաց դռներով պիտի ընդունին նորեկ աշակերտները, որոնք պիտի դառնան իրենց ընտանիքին անդամները:

Ապա 5-րդ դասարանի աշակերտները մեկնաբանեցին «Մեր լեզուն» եւ «Ազգ փառապանծ» երգերը, իսկ 9-րդ դասարանէն Բալենի Ստեփանեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծական քերթուածը:

Այնուհետեւ աշակերտներուն իր խօսքը ուղղեց վարժարանի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան: Ան նկատել տուաւ, որ վարժարանին մէջ կ՛աշխատին իբրեւ 1 ընտանիք եւ իրենց համար նոր կամ հին աշակերտ, ուսուցիչ, ծնողք չկայ` աւելցնելով, որ ոեւէ անհատ, որ մաս կը կազմէ այս մեծ ընտանիքին` «Եղիշէ Մանուկեան»-ական է, եւ բոլորը միասին կ՛աշխատին այդ անհատին յաջողութեան համար: Զ. Ղազարեան յորդորեց աշակերտները յարատեւ աշխատելու, որպէսզի յաջողին` շեշտելով, որ տնօրէնութիւն եւ ուսուցչակազմ ջանք պիտի չխնայեն առաւելագոյնս աշխատանք տանելու իրենց յաջողութեան համար: «Դուք բոլորդ մէկական արժէքաւոր հայ անհատներ էք եւ ձեր աշխատանքով է, որ պիտի արժեւորէք ձեր կեանքը եւ ճշդէք ձեր ապագան», շեշտեց վարժարանի տնօրէնը:

Անդրադառնալով Հայաստանի անկախութեան վերեկանգնման 25-ամեակին` Զոհրապ Ղազարեան նկատել տուաւ, որ անցնող 25 տարիներուն ընթացքին մեր հայրենիքը տնտեսական կամ ապահովական ծանր վիճակներէ անցաւ` աւելցնելով, որ միասնաբար եւ միացեալ ճիգերով պիտի զօրացնենք Հայաստանը, պիտի ամրապնդենք անոր անկախութիւնը, որպէսզի օր մը բոլորս միասնաբար հոն հաստատուինք:

Ապա տնօրէնը բեմ հրաւիրեց նորեկ աշակերտները եւ բարի գալուստ ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց:

veramoud1_92216Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամը ուղղելով աշակերտներուն նկատել տուաւ, որ դժուարութիւններով լեցուն առօրեայ մը կ՛ապրինք բոլորս եւ զանոնք կը զգանք հայ դպրոցին մէջ, սակայն վստահեցուց, որ աշակերտներուն եռանդով պիտի յաջողինք դիմակալել այդ դժուարութիւնները, անոնց ներկայութեամբ կը դառնանք լաւատես եւ պայքարելու կամքով կը մղուինք աշխատանքի, որպէսզի մեր կեանքէն վերացնենք ամէն տեսակի նեղութիւն եւ դժուարութիւն: «Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ հայ մարդու պատրաստութեան գործը տեղի կ՛ունենայ: Հայ դպրոցը մեր զաւակներուն համար ամէնէն ապահով միջավայրն է: Հայ դպրոցին մէջ ունինք թերութիւններ, դժուարութիւններ, նեղութիւններ, որոնք հաւաքաբար կը փորձենք եւ կը պայքարինք մեր կեանքէն վերացնել, սակայն հայ դպրոցը կը մնայ երաշխիքը մեր գոյութեան: Առանց հայ դպրոցի դժուար է շարունակել մեր ազգային երթը: Հայ դպրոցով կը մնանք ամուր, գիտակից, առնչուած մեր ազգային երազներուն եւ իտէալներուն, նաեւ կը յաջողինք ողջունել Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակը եւ վերանորոգել հայրենիքին նկատմամբ մեր ուխտը», շեշտեց սրբազան հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը բարի եւ յաջող կրթական տարեշրջան մաղթեց բոլորին:

veramoud2_92216

Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին մէջ վերամուտին առիթով ցուցադրուեցաւ նախորդ կրթական տարեշրջանի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք իր խօսքը փոխանցեց քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, որ քոլեճի օրէնքներուն եւ կանոններուն մասին ամփոփ տեղեկութիւններ տալէ ետք յայտնեց, որ նախորդ տարեշրջանին տնօրէնութիւնը 8 շրջանաւարտի ապահոված է համալսարանի մէջ ձրի ուսման կարելիութիւն` աւելցնելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ամէն տարի 1 ուսանողի կը տրամադրէ լրիւ կրթաթոշակ, եւ անցեալ տարի այդ կրթաթոշակին արժանացած է Մարտիկ Օթճեան, որ վերամուտին առիթով այցելած է վարժարան իր երախտագիտութիւնը յայտնելու: Ապա տնօրէնը բեմ հրաւիրեց Օթճեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէնութեան եւ իր լուսանկարած նկարներէն մէկը իբրեւ յիշատակ յանձնեց տնօրէնին: Այնուհետեւ աւարտական դասարանի աշակերտները ողջունելով նորեկ աշակերտները մէկ առ մէկ բեմ հրաւիրեցին զանոնք, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը բեմին վրայ տեղադրուած վարժարանի ընտանեկան ծառին միանալու եւ զայն ճիւղաւորելու, պտղաւորելու եւ ուռճացնելու նպատակով, նուռ մը կախեց ծառին վրայ, որ  կը ներկայացնէր հաւատքի եւ նուիրումի վրայ խարսխուած աշխատանքը, հայակերտումի եւ մարդակերտումի անդուլ ճիգը, Պօղոս Սնապեաններու եւ Մհեր Ջուլհաճեաններու ազգային շունչը: Ապա Անժելինա Սարգիսեան կարդաց Եղիշէ Չարենցի «Տաղ եկուորները ողջունելու համար» քերթուածը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ առաջնորդ սրբազանը, որ աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը բարի վերամուտ մաղթեց անոնց, իրենց աշխատանքով հայ դպրոցը արդիւնաւորելու եւ գեղեցկացնելու սպասումով: Ան նկատել տուաւ, որ ամառնային արձակուրդի միջոցին տխուր է հայ դպրոցը, սակայն վերամուտին հայ դպրոցը կը կենդանանայ եւ յառաջիկայ օրերուն աշակերտներուն աշխատանքով կ՛ոգեւորուի: «Ազգին շունչով, ազգին ճիգով եւ ազգին նկարագիրով աշխատանքներու ընդմէջէն մեր սպասումն է, որ դուք ըլլաք ընտիր հայեր, եւ այդ նպատակին համար կը գործենք բոլորս եւ այդ պատճառով մեր կեանքին մէջ յանձն կ՛առնենք տեսակաւոր  դժուարութիւններ, որոնք ծառացած են հայ դպրոցին դիմաց, եւ այդ առաջադրութեամբ կը յաղթահարենք զանոնք եւ կը վայելենք մեր աշխատանքին արդիւնքը ձեր ընձեռած յաջողութիւններուն ընդմէջէն», հաստատեց սրբազան հայրը: Անդրադառնալով Ազգային Միացեալ վարժարանին` առաջնորդ սրբազանը աշակերտներուն յայտնեց, որ յառաջիկայ տարի կրթական տարեշրջանը պիտի սկսին տարբեր կառոյցի մէջ, ուր իրենց ուսումնառութեան համար պիտի տրամադրուին աւելի արդիւնաւէտ պայմաններ: Ան ըսաւ, որ մեզ կանխող սերունդները հայեցի դաստիարակութեան գործին համար պայքար մղեցին, որպէսզի մենք եւ մեզի յաջորդող սերունդները ապրին հայու նկարագիրով: «Կ՛ակնկալեմ, որ մէկ տարուան պատրաստութեամբ իսկապէս կարողանաք այս վարժարանին մէջ տարուող կրթական, նուիրական աշխատանքը, նոյն յաջողութեամբ եւ աւելի պայծառ օրերու ակնկալութեամբ տեղադրել Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ, որուն երթը վստահաբար նուիրական պիտի դառնայ մեր հաւաքական ճիգով», եզրափակեց սրբազան հայրը:

Նախորդը

25-Ամեակէն Անդին. Ի՞նչ Կրնանք Ընել

Յաջորդը

Նշմար. Կեանքերու Կորուստի Աղէտն Ու Մարդկայնականութեան Կորուստի Ողբերգութիւնը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?