Հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «ԱՅԲ թու ԶԵՏ» արուեստի ակադեմիայի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարչական իւրայատուկ ցուցահանդէսի բացումը, որ կ՛ընդգրկէր ակադեմիայէն շրջանաւարտ կիներու, օգնական ուսուցիչներու եւ ակադեմիայի տնօրէններու գործերը:
Անոր առաջին առանձնայատկութիւնը կը կազմէր զանազան հանգրուաններու իգական սեռի շրջանաւարտներուն գործերը ի մի բերելու գաղափարը, գործեր, որոնք կը մէկտեղուէին օգնական ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն ստեղծագործութիւններուն հետ:
Ցուցադրուեցան քսաներեք ջրաներկ եւ իւղաներկ պատկերներ, որոնք ունէին վեց գլխաւոր թեմաներ` դիմանկարներ, վերածնունդ, լիբանանեան մշակոյթ, կնոջ տիպար եւ յոյս: Ստեղծագործութիւններուն մէջ յստակօրէն կ՛արտացոլար կանացի շունչը` խորաթափանց եւ աննիւթական արտայայտչականութեամբ:
Ուշագրաւ էր ակադեմիայի տէր եւ տնօրէն Մարալ Փանոսեանի «Ներաշխարհի դիմանկար» ստեղծագործութիւնը, որ հայելին էր հեղինակի անձին եւ կեանքին` իբրեւ մարդ, հայ, կին, ուսուցիչ եւ արուեստագէտ: Սեւ ու սպիտակը կը պարտադրէին խորհրդաւորութիւնը առաջին իսկ հայեացքէն: Հեղինակը հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէր գործը. «Պատկերին կեդրոնը գտնուող ճատրակի զինուորը ես եմ, իմ կեանքիս եւ աշխատանքիս մէջ ես միշտ զինուորի դերը ստանձնած եմ, նոյնիսկ իբրեւ ակադեմիայի տնօրէն, կը շարունակեմ զինուորի պէս աշխատիլ: Պատկերին աջ կողմի քուլիսին ետին կը կատարեմ ծանր աշխատանքս եւ շատ հազուադէպ է, որ հանրութեան կ՛երեւիմ: Պատկերին ձախին գտնուող վրանը հայ գաղթականութեան վրանն է, եւ հայը անոր անցքին մէջտեղը կանգնած չի գիտեր, թէ նե՞րսը կը գտնուի, թէ՞ դուրսը»: Մատնանշելով պատկերին մէջ գտնուող ուրուականները` Փանոսեան շարունակեց. «Ասոնք իմ աշակերտներս են: Իսկ այս զոյգը կը ներկայացնէ սիրային արկածախնդրութիւններս: Անկիւնը առանձին նստողը արուեստագէտ Մարալ Փանոսեանն է, որ միշտ հեռու, բայց բոլորին հետ ցաւող, բոլորին հետ զգացող, բոլորին հետ ապրող, բոլորին համար արձագանգող տիպարն է: Իսկ ասիկա իմ կենաց ծառս է, որ պտղաւորուած է լոյսերով, զորս կը բաշխեմ աշակերտներուս: Ուրեմն այս պատկերը կը ներկայացնէ ներաշխարհիս դիմանկարը»:
Հետաքրքրական պատկերներէն էր նաեւ երկրագունդին վրայ կանգնած, լուացք փռող կնոջ պատկերը, ուր լուացքը կը ներկայացնէ մեր` լիբանանեան ընկերութիւնը: «Կինը եւ քաղաքը» պատկերին հեղինակն է Սիլվա Սերայտարեան, որ իր գործով կ՛արտայայտէ այն գաղափարը, թէ Լիբանանի ընկերային քաղաքական կացութիւնը կը բարելաւուի, եթէ գործօն ղեկավարի դիրքերուն վրայ ըլլան կիներ, որոնք «լուալով մաքրեն» երկիրը, իրենց անաղարտ նկարագիրով եւ սկզբունքներով:
Պէտք է նշել, որ ցուցասրահի մուտքին նաեւ հանրութեան կը հրամցուէին նորաստեղծ «Այբ 2 կազեթ» պարբերաթերթի երեք թիւերը, որոնք գունաւոր էջերով կը հաղորդէին ակադեմիայի լուրերն ու ձեռքբերումները:
«ԱՅԲ թու ԶԵՏ»-ի ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 1 հոկտեմբեր 2016: