Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովի Կազմակերպման Վերաբերող Քննարկում

Սեպտեմբեր 24, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

journalists1_92316

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան 23 սեպտեմբերին մասնակցած է Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի ընդլայնուած նիստին, զոր վարած է «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան:

Հրանուշ Յակոբեան շնորհաւորած է բոլորը` Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին առիթով եւ դիտել տուած, որ անկախ Հայաստանի կերտման եւ զարգացման առումով իր մեծ ներդրումը բերաւ հայկական սփիւռքը` դառնալով մնայուն ներկայութիւն հայրենիքի մէջ: Ան նաեւ շնորհաւորած է հեռակապով նիստին միացած Իրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանը` թերթին 85-ամեակին առիթով եւ յոբելենական նախաձեռնութիւնները յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար:

journalists2_92316

Անդրադառնալով Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն` Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատած է մասնակից լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն արտայայտուելու հաւասար կարելիութեան ընձեռումը:

«Վստահ եմ, որ մեր ընդունած յագեցած օրակարգի քննարկման շրջագիծին մէջ պիտի ներկայանան բազմազան կարծիքներ եւ առաջարկներ: Հայաստան-Արցախ-սփիւռք` 25-ամեայ գործակցութեան հանրագումարներուն եւ հետագայ ընելիքներուն վերաբերող բոլոր հարցերը պիտի լսուին, մէկտեղուին եւ ուղենշուին յառաջիկայ ծրագիրները», յայտնած է ան:

Օրակարգի վրայ եղած են 20-24 հոկտեմբերին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի ծրագիրի նախագիծի քննարկման, ըստ նիւթերու նիստերու բաշխման, Ստեփանակերտէն հեռակապով մասնակցութեան եւ Արցախէն ուղիղ հեռարձակումներու կարելիութեան վերաբերող հարցեր: Հաստատուած է, որ մինչեւ օրս Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն 90 լրագրողներ եւ  խմբագիրներ պիտի մասնակցին ժողովին:

journalists4_92316journalists3_92316Նիստին մասնակցած են Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան ամպիոնի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, «Ազգ»-ի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, «Այգ» ձայնասփիւռի կայանի գլխաւոր խմբագիր Շաքէ Մանկասարեան եւ  նախարարութեան աշխատակիցներ: Հեռակապով նիստին միացած են Քանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, Ռուսիոյ «Նոյեւ կովչեգ» մետիայի տնօրէն Գրիգոր Անիսոնեան, Իրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Լիբանանի «Խօսնակ» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան եւ Արցախի Լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան:

Քննարկուած են տեղեկատուական միացեալ համակարգի ստեղծման նախադրեալներուն եւ համապատասխան մեքանիզմներուն, Հայաստանի դիւանագիտական-սփիւռքի հասարակական կազմակերպութիւններու համագործակցութեան ուղիներուն, Հայաստանի պետականաշինութեան աշխատանքներուն մէջ սփիւռքի ներգրաւման միջոցներուն, Հայոց պետականութեան ամրապնդման նպատակով համահայկական ներուժի հաւաքագրման եւ ուղղորդման, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն մէջ սփիւռքի զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք 25-ամեայ գործակցութեան հանրագումարներուն եւ հետագայ աշխատանքներուն վերաբերող հարցերը համաժողովին ներկայացնելու ձեւաչափերը:

 

Նախորդը

Ասիզիի Մէջ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Խաղաղութեան Համագումարին

Յաջորդը

Սարքոզի Չի Բացառեր Ֆրանսայի` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Հանրաքուէի Կայացումը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?