Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան. Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 25-Ամեակի Նշում` «Ֆենիսիա» Պանդոկին Մէջ

Սեպտեմբեր 22, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

arm-emb1_92116

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ անոր կնոջ, երէկ` չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ֆենիսիա» պանդոկի «Կրենտ Պոլրում» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակը:

arm-emb4_92116Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէ ետք Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կողմէ արաբերէնով, անգլերէնով եւ հայերէնով ողջոյնի խօսքը արտասանեց Միրա Եարտըմեան եւ ապա բեմ հրաւիրեց դեսպան Մկրտչեանը` փոխանցելու համար իր պատգամը:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր պատգամը սկսաւ նշելով, թէ 1918 թուականի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը կռուան հանդիսացած է 70 տարիներ Խորհրդային Միութեան իշխանութեան տակ մնացած Հայաստանի, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայերուն համար: Ուստի 1991-ին, երկար ժամանակ պետականութենէ զուրկ, բայց միշտ ազատատենչ հայութեան համար մարտահրաւէր հանդիսացած է կառուցել կենսունակ եւ ամուր պետականութիւն մը: Մկրտչեան ըսաւ, որ թէեւ անկախացման ժամանակ հայ ազգի պատմութենէն հասած ժառանգութիւնը 1991-ին այդքան ալ նախանձելի չէ եղած, բայց ամէնէն կարեւորը բարգաւաճիլ շարունակել եւ հաստատակամ մնալն էր: Ան հաստատեց, որ 25 տարիները կրնան կարճ ժամանակ թուիլ դարաւոր անցեալով յատկանշուած ազգի մը համար, բայց եւ այնպէս բաւարար ժամանակահատուած կը հանդիսանայ ինքնաքննումի եւ հաշուեյարդար կատարելու համար: Առ այդ, Մկրտչեան թուեց 25 տարիներու ընթացքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս` Արցախի պատերազմը եւ անկախութիւնը, նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն անբարեացակամ քաղաքականութեան դէմ պայքարը, տնտեսութեան ու առեւտուրի դժուարութիւնները, մարդկային հիմնական իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան հիմքերը դնելը, ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման աշխատանքները: Դեսպանը նշեց, որ նման մարտահրաւէրներ ընկերութեան զարգացման հոլովոյթին մասնիկներն են, եւ տակաւին Հայաստանի Հանրապետութիւնը շատ գործեր ունի կատարելիք այս ուղղութեամբ: Դեսպան Մկրտչեան այս առումով կարեւոր նկատեց անյողդողդ ըլլալու եւ միշտ լուծումներու հասնելու կամքը:

arm-emb3_92116

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր պատգամին մէջ ընդգծեց Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին դերը հայ ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութեան մէջ, մանաւանդ 1915-էն ետք Լիբանան բռնագաղթուած հայերուն համար: Ան ըսաւ, որ լիբանանահայը շնորհիւ լիբանանցի ժողովուրդին թէ՛ կրցած է մաս կազմել երկրին ընկերային կեանքին, թէ՛ ալ կրցած է չկորսնցնել հայկական ինքնութիւնը: Խօսելով շրջանի ու Լիբանանի քաղաքական դժուարութիւններուն մասին` դեսպանը յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անցեալին ալ, ներկայիս ալ միշտ իր բարեկամական ձեռքը կ՛երկարէ Լիբանանին:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր խօսքը աւարտեց արաբերէնով արտասանելով «Կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ Լիբանանը եւ կեցցէ՛ անոնց բարեկամութիւնը»:

arm-emb5_92116

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակի տօնակատարութեան ներկայ էին վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Պասեմ Շապ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, հոգեւորական ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ:

Տօնակատարութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայաստանի տեսարժան վայրերու սահիկներու ցուցադրութիւն, գեղանկարչական ցուցադրութիւն եւ երեկոն հմայեց թենոր Ճոնի Կէօքճեան` արաբերէն եւ հայերէն փունջ մը երգերու կատարողութեամբ: Տեղի ունեցաւ հայկական ճաշերու եւ գինիի հիւրասիրութիւն:

arm-emb6_92116

 

 

 

Նախորդը

«Մենք Հաւատում Ենք, Որ Գործ Ունենք Անելու` Անկախ Նրանից Ընդդիմութի՞ւն Ենք, Թէ՞ Իշխանութիւն». Հրանդ Մարգարեան

Յաջորդը

Լուքաշենքօ Կը Սպառնայ Դուրս Գալ Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?